2014-02-14 09:36:59

Չեխ Եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


11 փետրուարին սկիզբ առին Չեխ հանրապետութեան եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները, սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Անցեալ 12 փետրուարին, շարք մը եպիսկոպոսներ ու Չեխ հանրապետութենէ ժամանած բազմաթիւ ուխատւորներ մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան։ Հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները վերջ պիտի գտնեն 17 փետրուարին։
Մինչ ուրբաթ, 14 փետրուարի առաւօտեան, Եպիսկոպոսները հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Չեխ հանրապատութիւնը ունի 78,886 քմ քառակուսի տարածք եւ 10 միլիոն 400 հազարէ աւելի բնակչութիւն, որուն 50 առ հարիւրը ինքզինք անկրօն կը հռչակէ։ Կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան 30 առ հարիւրը, բողոքականները` 2,5 առ հարիւրը, մինչ օրթոտոքսները` 1 առ հարիւր։
Չեխ հանրապետութեան մէջ կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 9 Եկեղեցական գաւառ, Երկու Արքեպիսկոպոսութիւններէ եւ առաքելական մէկ Էքազրակութիւնէ` Բիւզանդական ծէսի պատկանող կաթողիկէներուն համար։ Չեխիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 2440 ժողովրդապետութիւն։
Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագաէն է` գերապայծառ Տոմինիք Տուքա` Բրակայի Արքեպիսկոպոսը, իսկ առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Ճուզեփփէ Լէանցան։
Չեխ հանրապետութեան մէջ Քրիստոնէական առաքելութիւնը սկիզբ առած է 845 թուականին եւ ապա Կիւրեղ ու Մեթոտիոս եղբայրներու օրով է որ Քրիստոնէութիւնը ունեցած է զարթօնքի նոր շրջան, ու 10րդ դարուն դարձած է Երկրի պաշտօնական կրօնը։
Զեխ հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 1919-ին, համաշխարհային Բ պատերացմի շրջանին այդ յարաբերութիւնները ընդհատուած են ու վերահաստատուած` 13 մարտ 1945-ին։ 1949 էն մինչեւ 1989, համայնավար տիրապետութեան շրջանին, յարաբերութիւնները դարձեալ կասեցուած են եւ ապա վերջնականպէս վերահաստուած`19 ապրիլ 1990-ին, նորանկախ Զեքոսլովաք հանրապետութեան հետ եւ նոյն տարուայ 21 -22 ապրիլ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կատարած է երկրին։


Չեխ հանրապետութեան եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք հաւատացեալներու մէջ խորացնելու Յիսուսի ճանաչումը ու Անոր հետ անձնական հանդիպումը, այս առնչութեամբ մատնանշելով Խորհուրդներու մատակարումի ատակ պատրաստութեան, կրօնական դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ կղերի, կրօնաւորներու եւ աշխարհական հաւատացեալներու համընթաց ուղեւորութեան.... Ամէն մէկը իր ասպարեզէն ներս կանչուած է իր սատարը տալու որպէսզի Բարի Լուրը հռչակուի ամենուրէք, նոյնիսկ Եկեղեցիէն հեռու միջավայրերու մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Չեխ եկեղեցւոյ անցեալի տառապանքներուն` ուր մարդու արժանապատուութիւնն ու անոր ազատութիւնը ոտնակոխուած էին այն ժամանակուայ վարչակարգի գաղափարախօսութիւններէն. Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Քրիստոնեայ հասարակութիւնները ըլլալու միշտ հիւրընկալ եւ պատրաստակամ կառուցողական երկխօսութիւն հաստատելու ինչպէս նաեւ հանդիսանալու հաշտութեան եւ խաղաղութեան գործակալներ ու համայն ընկերութեան ոգեւորիչ տարրեր հետապնդելու նպատակով հասարակաց բարիքը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ անդրադարձաւ անկայուն վիճակի մէջ ապրող ընկերութեան զանազան խաւերուն յատկապէս նշելով ընտանիքները, տարեցները ու ծերունիները, ինչպէս նաեւ երիտասարդները ու յորդորեց Եպիսկոպոսները ըլլալու Բարի Հովիւներ, բոլորին շնորհելով Քրիստոսի պատասխաններ եւ անվերապահօրէն ծառայելով աւետարանին։
Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց քահանայական կոչումներու հոգատարութեան ու ապա շեշտը դրաւ Ընտանիքի Հովութեան կարեւորութեան վրայ։ Ընտանիքը որ ընկերային կեանքի հիմնական տարրն է որու միջոցաւ կարելի է վերանորոգել եկեղեցական հասարակութիւնն ու քաղաքացիական ընկերութիւնը։
Խօսքը եզրափակելէ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց Եպիսկոպոսներու եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին միջեւ եղբայրական միութեան եւ հաղորդութեան կարեւորութիւնը եւ ակնարկեց Ֆինանսական միջոցներու օգտագործումին ու անոնց մատակարարումին որ ''պէտք են ծառայել միմիայն Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան''եւ պէտք են ըլլալ թափանցիկ։
Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն նուիրական եւ անխոնջ հովուական ծառայութեան համար ու ապահովցնելով իր աղօթքները հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.