2014-02-14 10:23:09

Հրաժեշտի երեկոյ՝ ի պատիւ Հայր Գրիգոր Շահինեանի։


ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Հայաստան».- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Ռէյմոն եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ, Յունուար 18ին տեղի ունեցաւ ժողովրդապետ հայր Գրիգոր Շահինեանի ողջերթի հանդիսութիւնը: Առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան այս առթիւ հրաւիրած էր եկեղեցւոյ յարակից բոլոր մարմինները, նաեւ հիւրեր ու բարեկամներ, ներկայ գտ-նուելու հրաժեշտի այս հանդիսութեան: Օրուան հանդիսավարն էր Անթուան Պէզճեան:
Կարգով խօսք առին յարակից մարմիններու պատասխանատուները: Հայերէնով խօսք առաւ եկեղեցւոյ քարտուղարութենէն Հրայր Շիրիքեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց հայ Գրիգորի գործունէութիւնը՝ հոգեւոր, կազմակերպական, շինարարական, մշակութային, արհեստագիտական եւ տնտեսական մարզերէն ներս, արժանանալով բուռն ծափահարութեանց:
Ֆինանսական խորհուրդի ատենապետ Ժիրայր Մխսեան անգլերէնով ներկայացուց ժողովրդապետութեան եռամեայ գործունէութեան հաշուեկշիռը՝ ջատագովելով հայր Գրիգորի ձեռներեցութիւնը եւ նշելով, թէ նշեալ տարիներուն կարելի եղած է 800,000 տոլար վճարել եկեղեցւոյ պարտքէն, ու մօտաւորապէս 290,000 տոլար ծախսուած է եկեղեցւոյ եւ սրահի վերանորգման համար: Ապա, դարձեալ անգլերէնով խօսք առաւ տօնակատարութիւններու յանձնախումբէն Փիթըր Հայկ՝ լուսարձակի տակ առնելով կարճ ժամանակուան ընթացքին հայր Գրիգորի տարած աշխատանքը՝ եկեղեցւոյ յանձնախումբերը կազմելու եւ աշխուժացնելու գծով:
Հուսկ, խօսք առաւ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, որ ժողովրդապետութեան անունով սկիհ մը նուիրեց հայր Գրիգորին ու դրուատեց անոր ծառայութիւնները:
Իր կարգին, հայ Գրիգոր շնորհակալութիւն յայտնեց նախ՝ Մանուէլ եպս. Պաթագեանին, որ երեք տարի առաջ իրեն վստահած էր եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը, ինչպէս նաեւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանին, որ իրեն հանդէպ նոյնպէս վստահութիւն յայտնած էր՝ 9 ամիսով երկարաձգելով իր պաշտօնավարութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր յանձնախումբերուն, տիկնանց միութեան, երգչախումբին եւ յարակից մարմիններուն, որոնք իրենց անխոնջ ջանքերով թիկունք կանգնեցան իրեն: Ապա «Այտընեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Կրեկ Սարոյեանի, ներկայացուց փունջ մը երգեր, մասնաւորաբար՝ օրուան պատշաճ «Դուս ես քահանայ յաւիտեան»ը:
Կիրակի, Յունուար 26ին, հայր Գրիգոր Շահինեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց իր հրաժեշտի քարոզը:








All the contents on this site are copyrighted ©.