2014-02-14 10:26:14

Հոմսի զինադադարը կ՛երկարաձգուի


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 13ին, Հոմսի կառավարիչ Թալալ Պարազի յայտարարեց, թէ երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի երկարաձգուի Հոմսի մէջ կառավարական ու ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ զինադադարը, որուն շնորհիւ ցարդ աւելի քան 1400 քաղաքացիներ կարելի եղած է դուրս բերել ընդդիմադիրներուն կողմէ գրաւուած շրջաններէն, եւ աւելի քան 6.2 թոն ալիւր եւ 500 ուտեստեղէնի սնտուկներ փոխադրուած են գրաւեալ շրջաններուն մէջ մնացողներուն: Ընդդիմադիրները կը յայտնեն, թէ մօտաւորապէս 200 վիրաւոր զինեալներ կը մնան գրաւեալ շրջաններուն մէջ, որովհետեւ անոնք կը վախնան, որ իշխանութեանց կողմէ կրնան ձերբակալուիլ, եթէ դուրս ելլեն: Ցարդ իշխանութիւնները ազատ արձակած են 15-55 տարիքը ունեցող աւելի քան 300 ձերբակալեալներէն 181ը՝ զանոնք հարցաքննութեան ենթարկելէ ետք:
Միւս կողմէ, «Ժընեւ-2» բանակցութեանց երկրորդ հանգրուանի չորրորդ օրուան ընթացքին, կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղղակի հանդիպում մը տեղի չունեցաւ, մինչ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմի խորհրդակցութիւններ ունեցաւ ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներու հետ, բանակցութիւնները առաջ մղելու նպատակով:
Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթը հաղորդեց, որ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը յաջողած է Ժընեւի իր պատուիրակութեան միացնել Սուրիոյ մէջ պատերազմին մասնակից զինեալ խմբաւորումներու 7 ղեկավարներ եւ սուրիական վարչակարգէն անջատուած սպաներ, յաւելեալ հեղինակութիւն ապահովելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ բանակցութեանց մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ յստակացուցած է, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան աջակցողներէն է»:







All the contents on this site are copyrighted ©.