2014-02-14 10:23:37

Լիբանանի մէջ ահաբեկչական շարք մը արարքներու առաջքը կ՛առնուի


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 12ին, շնորհիւ բանակին եւ անոր գաղտնի սպասարկութեան տարած բացառիկ աշխատանքին, Լիբանան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ճամբուն վրայ կարեւոր նուաճում մը ապահովեց ու առնուազն երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումներէ փրկուեցաւ, ինչպէս նաեւ՝ շարք մը այլ ահաբեկչութիւններէ:
Արդարեւ, բանակը յայտարարեց, որ իր գաղտնի սպասարկութիւնը Մազրաայի մէջ ձերբակալած է «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»ու պատասխանատուներէն՝ պաղեստինեան ինքնութիւն կրող Նայիմ Ապպասը: Բանակը հաստատեց, որ Ապպաս խոստովանած է, թէ ականուած ինքնաշարժներ կը պատրաստէ՝ աւելցնելով, որ արդէն իսկ բացայայտուած է ականուած ինքնաշարժ մը Քորնիշ Մազրաայի մէջ: Բանակայինները նոյն օրը կրցան վնասազերծել ականուած ինքնաշարժը, որ կը պարունակէր հարիւր քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ, ականուած գօտիներ, ռումբեր եւ հրթիռներ: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ գրաւեց նաեւ ականուած երկրորդ ինքնաշարժ մը, որ սուրիական Եապրուտ շրջանէն կ՛ուղղուէր դէպի լիբանանեան հողեր, Պէյրութ հասնելու նպատակով: Ինքնաշարժը, որուն մէջ 104 քիլոկրամ «Թի.Էն.Թի.» պայթուցիկ կար, պիտի յանձնուէր անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն: Այդ ինքնաշարժը վնասազերծուած է Լապուէի մէջ: Ապպաս խոստովանած է, թէ կան ականուած ինքնաշարժներու այլ թաքստոցներ, որոնք բանակին կողմէ ներխուժումի ենթարկուեցան: Ապպասի խոստովանութիւններուն հիման վրայ, բանակը Սաատիյաթ գտնուող պահեստանոցի մը մէջ գրաւեց պայթուցիկ նիւթեր, ականներ պատրաստելու նիւթեր, կեղծուած անձնաթուղթեր եւ կնիքներ: Նաեւ, Իքլիմ Խարրուպի Տըպպիէ գիւղաքաղաքին մէջ բանակը գրաւեց չորս հրթիռներ, որոնք լարուած էին եւ պատրաստ արձակուելու դէպի Պէյրութի հարաւային արուարձանները:
Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Արսալի մէջ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժին թիրախը «Մանար» պատկերասփիւռի կայանն էր, իսկ Մազրաայի մէջ բացայայտուածը թիրախ պիտի դարձնէր ռուսական դեսպանատունը:







All the contents on this site are copyrighted ©.