2014-02-14 10:25:52

Եւրոմիութիւնը ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններու կոչ կ՛ընէ


ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- «Ամերիկայի Ձայն»ը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ իշխանութեանց կոչ ըրած է կազմելու նոր կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ազատ եւ արդար նախագահական ընտրութիւն կազմակերպել: Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները ժողովէն ետք իրենց հրապարակած յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղած են սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու, սակայն քանի որ Եւրոմիութիւնը Ուքրանիոյ կ՛առաջարկէ բարելաւել տնտեսական յարաբերութիւնները, նախարարները պատժամիջոցներ որդեգրելու մասին յայտարարութիւն չեն կատարած:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ որոշ պատժամիջոցներ կը սահմանէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ ցոյցերու մասնակիցներուն նկատմամբ ուժ կիրարկողներուն դէմ: Բանաձեւը աջակցութիւն կը յայտնէ ուքրանացի ժողովուրդին ժողովրդավարական եւ եւրոպական ձգտումներուն: Անոր հեղինակները Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպային կոչ ըրած են շարունակելու միացեալ աշխատանքը Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամը հարթելու համար, եւ աջակցելու միլիոնաւոր ուքրանացիներու՝ Եւրոպայի հետ աւելի սերտ կապեր հաստատելու ձգտումին:







All the contents on this site are copyrighted ©.