2014-02-14 09:45:55

Գերապատիւ Հայր Միքայէլ վրդ. Քայյալի ազատ արձակման դիտաւորութեան՝ Հայածէս Ձայնաւոր Ս. Պատարագ Վատիկանի Ռատիոկայանէն։


Կիրակի 16 Փետրուար 2014-ին՝ Վատիկանի Ռատիոկայանէն, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, (ինչպէս ամէն ամսոյն Գ. կիրակին) հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագ պիտի ձայնասփռուի. Սուրբ Զոհը, այս անգամ յատուկ կերպով, նուիրուած է Գերապատիւ Հ. Միքայէլ վրդ. Քայյալին, անոր ազատագրումին համար։ Նշենք որ Հայր Միքայէլ, Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմի նորօծ քահանան, 9 Փետրուար 2013-ին (մէկ տարի առաջ) առեւանգուեցաւ յոյն օրթոտոքս վարդապետ՝ Հ. Մահէր Մահֆուզին հետ, Հալէպէն Դամասկոս տանող ճամբու վրայ։ Աւելցնենք որ հայ կաթողիկէ եւ այլ եկեղեցիներու մէջ Ս Պատարագ եւ յատուկ աղօթքներ կը կատարուին նոյն դիտաւորութեամբ։
Աղօթենք բոլորս որ Հայր Միքայէլ եւ բոլոր անոնք որոնք Սուրիոյ այս պատերազմին ընթացքին առեւանգուած են, ազատ արձակուին ու վերադառնան իրենց ընտանիքներուն ու սիրելի անձերուն մօտ, ու մշտական խաղաղութիւնը տիրէ ամէն տեղ։

Սուրիոյ Խաղաղութեան համար` աղօթք։
Տէր Աստուած հզօր,
Արարիչ երկնքի եւ երկրի,
Դուն, որ սկիզբէն սիրեցիր մարդը
եւ անոր փրկութիւն խոստանալով,
Որդիդ ղրկեցիր աշխարհ,
որպէսզի իր արիւնով խաղաղութեան ուխտ կնքէ անոր հետ,
Դուն, որ Որդիիդ չարչարանքներուն միջոցաւ մեզի սորվեցուցիր համբերութեամբ կրել ամէն բան՝ ի տես յարութեան յոյսին,
Տէր, այս բոլորը գիտնալով, այսօր մեր աղօթքը կը բարձրացնենք քեզի յատկապէս Սուրիոյ ժողովուրդին համար:
Տէր Աստուած, օգնէ՛ այս երկրի պետերուն, քաղաքագէտներուն,
մանաւանդ հոն գտնուող եկեղեցիներու հովիւներուն
եւ խաղաղութեան մէջ պահէ՛ զանոնք:
Տէր, դադրեցո՛ւր պատերազմը
որպէսզի երբեմնի առաքեալներու երկիրը
չտառապի խաղաղութեան պակասէն:
Ըրէ՛ այնպէս, որ Սուրիոյ ժողովուրդը
եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները
Քեզ ճանչնան որպէս միակ աղբիւրը խաղաղութեան: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.