2014-02-13 13:38:40

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի լիանիստին մասնակցողներուն։


Փետրուար 12-14 Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի լիանիստ գումարը. որ ունի որպէս բնաբան. ''Դաստիարակել այսօր եւ վաղը''։ Հանդիպումին կը մասնակցին Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի անդամները, կարտինալներ ու արքեպիսկոպոսներ եւ դաստիարակութեան մասնագէտներ։
Այսօր` 13 փետրուար, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց ժողովականները եւ անոնց ուղղած ճառին մէջ խօսեցաւ. դաստիարակութեան երեք երեւոյթներու մասին. Առաջին` երկխօսութեան արժէքը, երկրորդ` դաստիարակիչներու որակեալ պատրաստութիւնը եւ երրորդ` դաստիարակչական հաստատութիւնները, այսինքն դպրոցները, Կաթողիկէ եւ եկեղեցական համալսարանները։
Սրբազան Հայրը ըսաւ` ''հարկաւոր է որ կաթողիկէ ակադեմական հաստատութիւնները աշխարհէն չկղզիանան, այլ ընդհակառակը արիութեամբ ապրին ներկայ մշակոյթներու մէջ ու անոնց հետ երկխօսութիւն հաստատեն գիտակից ըլլալով իրենց ընդունած պարգեւին, որ պէտք է ուրիշին հետ բաժնել''։
Հուսկ խորհրդածութիւնը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` ''Եկեղեցին իր դաստիարակչական կեդրոններով միշտ ներկայ եղած է ու իր նպաստը բերած դաստիարակութեան մարզէն ներս։ Այդ ուղղութեամբ իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ձեր աշխատանքին համար, հայցելով ձեր վրան Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ու Ս. Հոգւոյ մշտատեւ հովանաւորութիւնը ձեր եւ ձեր նախաձեռնութիւններուն վրայ







All the contents on this site are copyrighted ©.