2014-02-13 09:30:44

Պուլկարիայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


13 – 15 փետրուար Պուլկարիայի եպիսկոպոսները, ժամանելով Վատիկան, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Պուլկարիոյ կաթողիկէ Եկեղեցին կազմուած է` երեք թեմերէ. Լատին ծէսի պատկանող երկու թեմեր, որոնք անմիջական օրէն կախում ունին Սուրբ Աթոռէն եւ Սլաւ – Բիւզանդական ծէսի առաջնորդութիւն մը։ Պուլկարիոյ առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Եանուս Պոլոնէքը։
Պուլկարիան ունի 111,002 քմ քառակուսի տարածք եւ 7 միլիոն 282 հազարէ աւելի բնակչութիւն։ Բնակչութեան 76 առ հարիւրը օրթոտոքս եկեղեցւոյ կը պատկանին եւ 10 առ հարիւրը մահմետական են։ Կաթողիկէները բնակչութեան միայն 1 առ հարիւրը կը կազմեն։ Պուլկարիոյ մէջ կ՛ապրի նաեւ հայկական սփիւռքի կարեւոր մեծաթիւ համայնք մը։
5 դարեր ամբողջ Օսմանեան տիրապետութեան ենթարկուելէ ետք, 5 հոկտեմբեր 1908-ին, Պուլկարեան դարձաւ անկախ պետութիւն։ 1946-ին տեղի ունեցած հանրաքուէ մը վերջ դրաւ մենապետութեան եւ Պուլկարիան դարձաւ Ժողովրդական հանրապերութիւն։
Պուլկարիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ առաջին դիւանագիտական կապերը սկիզբ առած են 1925-ին, երբ Պիոս ԺԱ Քահանայապետը Սոֆիա ուղարկեց, որպէս առաքելական այցելու, գերապայծառ Անճելօ Ռոնքալլին որ յառաջիկային դարձաւ Յովհաննէս ԻԳ Պապ։
Սուրբ Աթոռի եւ Պուլկարիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատումը տեղի ունեցաւ` 1990-ի, 6 դեկտեմբերին, եւ յատկանշուեցաւ Պուլկարիոյ մէջ ''առաքելական պատուիրակութիւնը'' բարձրացնելով ''առաքելական նուիրակութեան'' աստիճանին։
Պուլկարիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր քրիստոնէական վկայութիւնը կ՛ապրի ընկերութեան մը մէջ ուր գոյութիւն ունին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ – յայտնած է գերապայծառ Փրոյքով` Պուլկարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը` այդ մարտահրաւէրներու շարքին դասելով ընտանիքը եւ աւետարանացումը։


Պուլկարիոյ Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գնահատեց անոնց յանձնառու գործունէութիւնը որ կ՛ապացուցէ – ըսաւ Սրբազան Հայրը – Կաթողիկէ հաւատաքի կենսունակութիւնը ձեր Երկրին մէջ, թէեւ կաթողիկէ հաւատացեալները փոքրմասնութիւն մըն են։
Սրբազան Հայրը քաջալերեց Եպիսկոպոսները ընթանալու այդ ճանապարհով` հոգեւոր եւ հովուական ապաշխարութեամբ, որպէսզի միսիոնարական նոր յանձնառումով`Տէրը աւետարանուի ուրախութեամբ, յատուկ ուշադրութիւն տանելով աղքատներուն, հասարակաց բարիքին եւ ընկերային անդորրութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց ապա ''ողբերգական շրջանի'' ընթացքին, Քրիստոսի հաւատարմութեան քաջ վկայութիւններուն ու նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, Սուրբ Աթոռի դերին հանդէպ ունեցած մօտեցումին, որպէս Հոգեւոր եւ բարոյական հեղինակութիւն միջազգային գետնի վրայ։
Սրբազան Հայրը, խնդրեց եպիսկոպոսներէն որ իր ողջոյնները փոխանցեն յատկապէս Պուլկարիայի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Նէոֆիթին, որուն գահակալութեան առաջին տարեդարձը կը նշուի մի քանի օրէն, ու յորդորեց զանոնք յարատեւելու եղբայրական երկխօսութեան ճանապարհով Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հետ։
Իր ճառի աւարտին Սրբազան Հայրը յիշեց յառաջիկայ 27 ապրիլին կայանալիք Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ Քահանայապետներու սրբադասման արարողութիւնը, ու այդ առթիւ Պուլկարիոյ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան ներկայութիւնը որպէս երախտագիտութեան նշան այդ երկու Քահանայապետներուն, որոնք մեծ դեր ունեցան Պուլկարիոյ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Առաջինը Յովհաննէս Պօղոս Բ, որպէս առաջին Սլաւ քահանայապետ, իսկ երկրորդը Յովհաննէս ԻԳ, Պուլկարիոյ մէջ 9 տարուայ ''առաքելական պտուիրակ''ի պաշտօնով, եւ որ հրաժեշտի իր խօսքին մէջ ըսած էր ''որեւէ տեղ որ գտնուիմ եթէ Պուլկարացի մը այնտեղէն անցնի, գիշերուան ընթացքին, կեանքի դժուարութիւններու բերին տակ, պիտի գտնէ վառուած կանթեղ մը, թող դուռը բախէ, որովհետեւ իրեն հարց պիտի չտրուի եթէ կաթողիկէ է կամ օրթոտոքս այլ պարզապէս պիտի ընդունուի որպէս Պուլկարացի եղբայր մը։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը եզրափակեց Պուլկարիոյ Եկեղեցին դնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Կիւրեղ ու Մեթոտիոս սուրբերու հովանիին տակ, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը բոլոր կղերական կազմի եւ սիրեցեալ Պուլկարիոյ հաւատացեալներուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.