2014-02-13 12:20:59

''Հրեաները եւ Քրիստոնեաները սատարեն աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհի մը կառուցման''` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը ''Ամերիկացի հրեաներու կոմիտէի'' պատուիրակութեան հետ։


Հինգշաբթի, 13 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Պուլկարիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսները, որոնք Վատիկան ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Նորին Սրբութիւնը ապա Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Ամերիկացի հրեաներու կոմիտէի'' 55 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը, ու ապա Քլեմենդինա սրահին մէջ ընդունեց ''Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի'' լիասնիտ հաւաքի մասնակիցները։

Հրեաներու կոմիտէի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը ողջունեց զանոնք մատնանշելով հաստատութեան Սուրբ Աթոռի հետ ունեցած լաւ յարաբերութիւններուն ու անոր տարած սատարին ի սպաս Հրեայ-Քրիստոնեայ երկխօսութեան։
Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա եկող տարուայ ընթացքին նշուելիք` Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ''Nostra aetate'' վաւերագիրի 50 ամեակին։ Վաւերաթուղթ մը որ կը հայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ոչ քրիստոնեայ կրօններու միջեւ բարի յարաբերութիւններուն, յատկապէս Հրեայ կրօնի ''աւագ եղբայրներու'' հետ յարաբերութիւններուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց ապա հարկաւորութիւնը որ քրիտոնեաներն ու հրեաները միասնաբար կառուցեն աւելի արդար ու եղբայրական աշխարհ մը, այս ուղղութեամբ մատնանշելով աղքատներու, տառապողներու եւ անտեսուածներու ի նպաստ ծառայութեան, որ ընդգծուած է սուրբ գրութիւններուն մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց թէ` պէտք է յանձառու ըլլալ, յաջորդ սերունդին փոխանցելու, այս տարիներու ընթացքին, իրար զիրար մեր ճանաչողութեան, յարգանքի եւ բարեկամութեան ժառանգութիւնը, սկսելով նորընծայարաններու եւ երիտասարդ ռաբունապետներու կազմաւորումէն։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց ակնարկելով Երուսաղէմ կատարելիք հովուական այցելութեան, ներկաներէն խնդրելով որ իրեն ընկերանան աղօթքով ''որպէսզի այս ուխտագնացութիւնը հաղորդութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան պտուղներ արտադրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.