2014-02-13 12:45:48

''Հաւատացեալ մը կարող է հաւատքը կորսնցնել, մինչ հեթանոս մը կրնայ հաւատացեալ դառնալ'' ` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


''Հաւատացեալ մը կրնայ իր հաւատքը կորսնցնել իր ունայնութեան եւ կիրքերու պատճառաւ, մինչ հեթանոս մը կրնայ հաւատացեալ դառնալ` իր հեզութեամբ'' այս եղաւ համառօտ կերպով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, հինգշաբթի, 13 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն, ուր կը խօսուի կանանայի կնոջ քաջութեան մասին` որ Յիսուսէն կը խնդրէ իր աղջիկը փրկել չար ոգիներէն։ ''Այս մայրը - ըսաւ քահանայապետը - հեթանոս եւ յուսահատ մայր մըն էր, որ իր զաւակին առողջութեան համար, ամէն բանի կը դիմէ։ Եւ երբ Յիսուս անոր կ՛ըսէ թէ ''յարմար չէ մանուկներու հացը առնել եւ շուներու տալ'', կինը Յիսուսին առջեւ խոնարհելով կ՛ըսէ ''Ճիշդ է, բայց շուներն ալ կը կերակրուին իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով''։ Այս կինը չ՛ամչցաւ եւ Տէրը զինք օրհնեց – յարեց Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց թէ կայ նաեւ հակառակ ընթացք մը օրինակ տալով Սողոմոնը, որ ''երկրի ամէնէ իմաստուն մարդն էր'' եւ որ Աստուծմէ ընդունած էր առատ օրհնութիւններ, սակայն իր կիրքերուն հետեւելով Իսրայելի կուրքերը պաշտելու օրէնքը ընդունեց։ Այսպէսով անոր սիրտը հեռացաւ Աստուծմէ։Կորսնցուց իր հաւատքը։
Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները նմանելու Քանանայի կնոջ ու ընթանալու անոր ճանապարհէն, ընկալելով Աստուծոյ խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.