2014-02-13 09:46:03

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի պիտի ունենան համահայկական ձմեռնային խաղեր


Փետրուար 24-էն Մարտ 2 Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի պիտի ունենան Համահայկական ձմեռնային խաղեր: Խաղերու ցանկին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերէն երեքը` դահուկ, լեռնադահուկ եւ սնոուպորտ, կը նախատեսուի իրականացնել Ծաղկաձորի մէջ, իսկ հոքէյ մարզաձեւը` Երեւանի Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն, կը նախատեսուի աւելի քան 18 պետութիւններէ շուրջ 300 մարզիկներու մասնակցութիւն:
Համահայկական խաղերու գաղափարը Սփիւռքի երիտասարդութիւնը Հայաստան բերելն է, մարմնամարզութեան միջոցով Հայաստանի մարզական կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի հետ կապելը: Համահայկական ձմեռնային խաղերու կարգախօսն է «Միասնութիւն` մարզանքով»:







All the contents on this site are copyrighted ©.