2014-02-13 10:44:41

Կիպրոս պատրաստ է միաւորուելու մէկ պետութեան մէջ


«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած է իրադարձութիւն մը, որուն կղզիի բնակիչները կը սպասէին քառասուն տարիէ ի վեր: Կիպրական երկու հատուածներու ղեկավարները պաշտօնապէս յայտարարած են կղզիի` դաշնակցային մէկ պետութեան մէջ միաւորուելու հարցով բանակցութիւններու սկիզբին մասին:
«Եուրոմակ» կը նշէ, որ այս յայտարարութիւնը շատ կարեւոր է, ուստի աջակցութիւն ստացած է Եւրոպական Միութեան գրեթէ բոլոր պետութիւններէն եւ ՄԱԿ-էն:
Մասնաւորաբար, Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս եւ կիպրացի թուրքերու ղեկավար Տերվիշ Էրօղլու միացեալ յայտարարութեան մէջ նշած են, որ կը ձգտին ստեղծել միասնական Կիպրոս մը, որ իբրեւ պետութիւն պիտի ըլլայ դաշնակցային, երկգօտի եւ երկհամայնքային:
Կիպրոս իրողապէս բաժնուած է երկու մասի 1974-ին Թուրքիոյ կողմէ ներխուժումի ենթարկուելէն ետք: Այժմ կղզիի հիւսիսային հատուածի մէկ երրորդ մասը թրքական բռնագրաւման տակ է եւ հռչակուած է իբրեւ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն







All the contents on this site are copyrighted ©.