2014-02-13 10:47:47

Եւրոպական Միութեան մէկ պատուիրակութիւնը հանդիպում կ'ունենայ Եգիպտոսի ղպտի օրթոտոքս Թաուատրոս պատրիարքին հետ։


Ղպտիներու օրթոտոքս պատրիարք` գերերջանիկ Թաուատրոս, անցեալ 11 փետրուար 2014-ի երեկոյեան, ընդունեց եւրոպական Միութեան մէկ
պատուիրակութիւնը։
Պատրիարքը ընդգծեց հարկաւորութիւնը օգնելու եւ ընկերանալու Եգիպտոսի որդեգրած նոր քաղաքականութեան, հանրավարութեան մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար։ Նշենք որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Մարկոսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Նշենք նաեւ որ անցեալ 10 փետրուար-ին, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը, պաշտօնական յայտարարութեամբ, իր գոհունակութիւնը յայտնած էր Եգիպտոսի նոր սահմանադրութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.