2014-02-13 09:42:49

Երեկոյեան Հայ առաքելական եկեղեցիները կը վառեն Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող տեառընդառաջի խարոյկները


40-օրական Յիսուս Քրիստոսի ընծայումը Տաճարին խորհրդանշող Տեառընդառաջի տօնին` Փետրուար 13-ի երեկոյեան, հայաստանեան առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը վառին խարոյկներ: Տեառնընդառաջը կամ ժողովրդական խօսքով առաւել կիրառուող Տրնտէզը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անշարժ տօներէն է եւ կը նշուի ամէն տարի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնէն 40 օր ետք` Փետրուար 14-ին: Տօնի աստուածաշնչեան պատումին համաձայն, երբ կը լրանայ մանուկ Յիսուսի սրբագործման 40 օրը, սուրբ Աստուածամայրը Յիսուսի հետ կը ներկայանայ Տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս աւետարանիչը, որ ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը, կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիի մասին, որուն Սուրբ Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը: Սիմէոն ծերունին տեսնելով մանկանը` Տիրոջ ընդառաջ կ’երթայ, այստեղէն ալ կը առաջանայ տօնին անուանումը` «Տիրոջ ընդառաջ»:
Աւանդութեան համաձայն, երբ տեղ կը հասնին, Աստծոյ հրամանով փակուած տաճարի արեւելեան դուռը դղրդիւնով կը բացուի, ու մարդիկ ճրագներով դուրս կու գան տուներէն` տեսնելու թէ ինչ կը կատարուի եւ այդպիսով ակամայ կը լուսաւորեն Յիսուսը: Աւանդութեան համաձայն` այստեղէն ալ յառաջացած է կրակներ վառելու սովորոյթը:
Եկեղեցական կանոնին համաձայն` Տեառնընդառաջի տօնը կը սկսի Փետրուար 13-ին երեկոյեան ժամերգութեամբ, որմէ ետք կը կատարուի նախատօնակ: Սովորաբար նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ’օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ կանթեղներէն առնուած կրակով եկեղեցիներու բակերուն մէջ կը վառուին խարոյկներ, իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:







All the contents on this site are copyrighted ©.