2014-02-13 09:47:44

«Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ համաձայնելէ առաջ որեւէ այլ օրակարգի քննարկման պիտի չանցնինք» կ՛ըսէ Օմրան Զոհպի


Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ժընեւ-2» բանակցութեանց երէկ առաւօտեան նիստի աւարտէն ետք յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը խօսակցութիւնը սկսած է ահաբեկչութեան հարցէն եւ ժողովին իր ներկայացուցած փաստաթուղթէն` շեշտելով, որ «այս ծիրէն դուրս որեւէ քննարկում ի նպաստ տագնապին պիտի ըլլայ»:
Մըքտատ ըսաւ, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան միջազգային ընտանիքէն չէ, այլ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան աջակցողներէն, եւ մենք պէտք ունինք իսկական միջազգային ընտանիքի մը, որ սուրիական հարցի կողքին կը կանգնի»:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի իր կարգին շեշտեց, որ կառավարական պատուիրակութիւնը «յառաջիկայ նիստերուն ընթացքին բռնարարքներէ ետ կանգնելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրակարգին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ որեւէ այլ օրակարգի քննարկման պիտի չանցնի»:
Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը յաջողած է Ժընեւի իր պատուիրակութեան միացնել Սուրիոյ մէջ պատերազմին մասնակից զինեալ խմբաւորումներու 7 ղեկավարներ եւ սուրիական վարչակարգէն անջատուած սպաներ` նշելով, որ այդ խումբին մաս կը կազմեն անդամներ Ժամալ Մաարուֆի ղեկավարած Սուրիական յեղափոխական ճակատէն, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուած կռիւներուն ընթացքին յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.