2014-02-12 11:09:05

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը։


Չորեքշաբթի, 12 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Շարունակելելով Սուրբ Հաղորդութեան մասին անցեալ շաբաթ սկսած իր խորհրդածութիւնը,Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց այս խորհուրդին մեր կեանքին հետ ունեցած կապին, հարց տալով թէ ''Ի՞նչպէս ապրելու ենք Սուրբ Հաղորդութիւնը, Ի՞նչ նշանակութիւն ունի այդ մեզի համար. Տիրոջ մեզի թողած այս պագտամը մեր սրտերն ու մեր էութիւնը կը ներգրաւ՞է իսկապէս, ու մեզ Անոր նման կը դարձն՞է….'' Այս ու այլ հացումներուն պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Սուրբ Հաղորդութեամբ Քրիստոս կը վերանորոգէ Խաչին վրայ մեզի համար կատարած իր զոհաբերումը։ Անոր բոլոր կեանքը եղաւ ամբողջական բաժնեկցութեան եւ սիրոյ կեանք մը։ Սուրբ Հաղորդութիւնը Քրիստոսի ներգործութիւնն է` շնորհքը որով կ՛ապրինք ներումը եւ պատրաստակամ կ՛ըլլանք ներելու – յարեց ապա Սրբազան Հայրը ու շարունակեց - Սուրբ Հաղորդութիւնը` Եկեղեցւոյ առաքելութեան ակնաղբիւրն է` Անորմով Տէրը մուտք կը գործէ մեր կեանքի փորձառութեան մէջ, զայն կը լիացնէ իր շնորհնքերով, այնպէս որ ամէն մէկ քրիստոնայ հասարակութեան մէջ ծիսակատարութեան ու ապրումի միջեւ հետեւողականութիւն մը կայանայ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաւատացեալները հրաւիրելով ապրելու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, աղօթքի եւ հաւատքի հոգիով այն վստահութեամբ թէ Տէրը պիտի իրագործէ այն ինչ որ մեզի խոստացաւ։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, վերակոչելով Եւրոպայի պաշտպան սուրբ եւ Սլաւ Ժողովուրդը աւետարանող` սուրբ Մեթոտիոսի եւ սուրբ Կիւրեղ սուրբերու տօնը, Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն մաղթեց որ այս սուրբերու վկայութիւնը օգնէ անոնց որպէսզի իրենց կարգին դառնան առաքեալ աշակերտներ, իսկ ձեզի սիրելի հիւանդներ – ըսաւ Սրբազան Հայրը - թող քաջալերեն` ձեր ցաւերը նուիրելու մեղաւորներու ապաշխարութեան համար ու ձեզի սիրելի նորապսակեալներ, օրինակ հանդիսանան ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս Աւետարանը ունենալու որպէս հիմնական ուղեցոյց։







All the contents on this site are copyrighted ©.