2014-02-12 09:53:04

Սուրիոյ բանակցութիւններուն համար փետրուար 11ը՝ «կորսուած օր»


ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Երեքշաբթի, Փետրուար 11ին ընդունեց, թէ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց միջեւ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումին ընթացքին կարելի չէ եղած յատկանշական յառաջդիմութիւն արձանագրել:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարեց, թէ Երեքշաբթին «կորսուած օր» մըն էր բանակցութեանց համար, «որովհետեւ ընդդիմութիւնը կը շարունակէ պնդել, թէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւն չկայ», մինչ ընդդիմութենէն Լուայ Սաֆի ընդունեց, թէ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած, քանի որ «կառավարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները ձգձգել, որովհետեւ կը հաւատայ տագնապին զինուորական լուծումին»:
Իպրահիմի առաջարկած էր Երեքշաբթի օրուան քննարկումները կեդրոնացնել բռնարարքները կասեցնելու ջանքերուն վրայ, իսկ Չորեքշաբթի օրուանը՝ փոխանցման կառավարութեան կազմութեան, սակայն կողմերուն միջեւ տարակարծութեան հետեւանքով կարելի չէ եղած շինիչ խորհրդակցութիւններ իրականացնել:
Իպրահիմիի մօտիկ աղբիւրներ սուրիական «Ոուաթան» օրաթերթին յայտնած են, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուինտի Շըրմըն Ժընեւ հրաւիրուած են՝ «փրկելու համար» Սուրիոյ տագնապի լուծման բանակցութիւնները:
Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ»ը հաղորդեց, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալները սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք՝ Երկուշաբթի օր հեռացած են Տէր Զօրէն:
Նաեւ, «Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ Մաալուլայի Մար Թաքլա վանքէն առեւանգուած մայրապետները կը գտնուին «Ճապհաթ Նուսրա»ի մօտ՝ սուրիական Եապրուտ գիւղին մէջ, իսկ զանոնք առեւանգողները քուէյթցիներ են: Սէուտական գաղտնի սպասարկութեան հետ կապ ունեցող ղեկավար մը կ՛ուզէ զանոնք փոխանակել կառավարութեան կողմէ գերեվարուած «Ճապհաթ Նուսրա»ի 500 անդամներու հետ: Նոյն կայանին համաձայն՝ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներէն մէկը Պոլիս կը գտնուի:
Մինչ այդ, սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպի Մասրանիա թաղամասին մէկ մասը, իսկ Քարամ Տարրապ թաղամասը՝ ամբողջութեամբ: Բախումներուն ընթացքին սպաննուած եւ վիրաւորուած են տասնեակ մը իսլամ ծայրայեղական զինեալներ: Զինեալներու դէմ պայքարը կը շարունակուի նաեւ Դամասկոսի մերձակայքը, իսկ Տարաա քաղաքին մէջ սպաննուած են 17 զինեալներ







All the contents on this site are copyrighted ©.