2014-02-12 10:21:48

Ուքրանիայ. Մինչ Ներկայացուցիչներու Տունը պատժամիջոցներ հաստատելու մասին օրինագիծ կ՛որդեգրէ, Եւրոմիութիւնը կը յորդորէ նոր ընտրութիւններ կատարել ։


Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց օրինագիծ մը, որ «թիրախային» պատժամիջոցներ կը սահմանէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ ցոյցերու մասնակիցներուն նկատմամբ ուժ կիրարկողներու դէմ:
«Վրեմիա» կը յայտնէ, որ օրինագիծը որդեգրուած է 381 թեր եւ 2 դէմ քուէներով: Կը հաղորդուի, որ փաստաթուղթը աջակցութիւն կը յայտնէ ուքրանացի ժողովուրդի ժողովրդավարական եւ եւրոպական ձգտումներուն:
Օրինագիծին հեղինակները Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպային կոչ ուղղած են շարունակելու միացեալ աշխատանք տանիլ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամը հարթելու համար եւ աջակցելու միլիոնաւոր ուքրանացիներու` Ընկերակցութեան համաձայնագիրին ստորագրման միջոցով Եւրոպայի հետ առաւել սերտ կապեր ունենալու ձգտումին:
Բացի ատկէ, օրինագիծը Ուքրանիոյ կառավարութեան, ընդդիմութեան եւ բողոքի ցոյցերու միւս մասնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ խուսափելու բախումներէն: Մասնաւորաբար իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի կատարելու միջազգային պարտաւորութիւններն ու յարգելու սեփական քաղաքացիներուն ժողովրդավարական իրաւունքները:
Միւս կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները հրապարակած են յայտարարութիւն մը որուն մէջ կոչ ուղղած են Ուքրանիոյ մէջ նոր կառավարութիւն կազմելու եւ սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու, սակայն որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ կ՛առաջարկէ բարելաւել տնտեսական յարաբերութիւնները, արտաքին գործոց նախարարները պատժամիջոցներ որդեգրելու մասին յայտարարութիւն չեն կատարած:








All the contents on this site are copyrighted ©.