Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Իսլամական յեղափոխութեան 35-ամեակը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Իրանի
նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին` Իսլամական
յեղափոխութեան յաղթանակին 35-րդ տարեդարձին առիթով: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի
նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: