2014-02-12 10:22:18

Մամլոյ ասուլիս, ''Sacrosanctum Concilium'' խորագրեալ սահմանադրութեան 50 ամեակի նուիրուած՝ գիտաժողովին ներկայացում։


Հինգշաբթի, 13 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11,30 ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի՝ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի ''Sacrosanctum Concilium'' խորագրեալ սահմանադրութեան 50 ամեակին նուիրուած գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18- 20 փետրուարի , Հռոմի Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանին մօտ։
Նշենք, թէ գիտաժողովին նպատակն է, տօնախմբել՝ Պօղոս Զ. երջանկայիշատակ Քահանայապետին, 4 դեկտեմբեր 1963 ին ստորագրած` Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին ''Sacrosanctum Concilium'' խորագրեալ սահմանադրութեան 50-րդ տարեդարձը:
Մամլոյ ասուլիսը կը ներակայցնեն,Աստուածային պաշտամունքի Ժողովի քարտուղար՝ Գերապայծառ Արթուռ Ռոշ, եւ Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանի տեսուչ՝ Գերապայծառ Խուան Միկէլ Ֆէրէր։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, կը ներակայացուի նաեւ Աստուածային Պաշտամունքի ժողովի նախագահ՝ Կարտինալ Անթոնիօ Քանիզարէսի մէկ զեկոյցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.