2014-02-12 10:10:21

Գերապայծառ Քաչիա. «Կը զօրակցինք Պքերքէի փաստաթուղթին»


Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիա շեշտեց, որ Վատիկան կը զօրակցի Պքերքէի հրապարակած փաստաթուղթին` մաղթելով, որ ժողովրդավարութիւնն ու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ սահմանադրական ժամկէտները յարգուին:
«Վատիկան Պքերքէի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթը ուրախութեամբ ստացաւ, որովհետեւ անիկա հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կեցուածքներուն վրայ: Լիբանանի մասին Վատիկանի պատկերացումը կը նոյնանայ Մարոնի պատրիարքութեան պատկերացումին հետ», ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը եւ շնորհաւորեց Պքերքէն անոր հրապարակած Ազգային փաստաթուղթին առումով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ Կարտինալներու խորհուրդի ժողովին պիտի քննարկէ՞ այդ փաստաթուղթը, Քաչիա յայտնեց, որ Հռոմի մէջ բոլորը տեղեակ են լիբանանեան իրադարձութիւններէն եւ ի հարկէ` Ռայի պատրիարքը պիտի քննարկէ երկրին իրավիճակն ու Պքերքէի փաստաթուղթը` Կարտինալներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.