2014-02-12 11:51:03

Գերապայծառ Փարոլինը կը բաղձայ որ Պետական Քարտուղարութիւնը դառնայ համայն Եկեղեցւոյ բարենորոգումի օրինակ։


''Հռոմէական Քուրիան'' պէտք է ժամանակակից աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայութեան ի սպաս ճկուն գործիք մը ըլլայ'', հաստատած է Վատիկանի Պետական Քրտուղար` գերապայծառ Փիեդրօ Փարոլինը, Իտալիոյ Եպիսկոպոսներուն ''Ավվենիրէ'' օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, որուն մէջ Ան անդրադարցած է զանազան նիւթերու, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ համագործակցութիւնը, Վատիկանի դիւանագիտութեան դերը, Սուրիոյ տագնապը եւ ''Վադիլիքսի'' ցաւալի եղելութիւնը։
Հարցազրոյցին մէջ Գերապայծառ Փարոլինը հաստատած է թէ ''ինքզինք կը ճանչնայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ոճին մէջ'', մատնանշելով Եկեղեցւոյ բարենորոգութեան` որուն ծիրէն ներս ''Պետական Քարտուղարութիւնը պէտք է դառնայ օրինակ` համայն Եկեղեցւոյ''։ Ակնարկելով Վատիկանի դիւանագիտական գործունէութեան գերապայծառ Փարոլին հաստատած է թէ ''Վատիկանի դիւանագիտութիւնը յանձանռու է ժողովուրդներու օգնութեամբ, կառուցելու համար մարդկային եւ եղբայրական աշխարհ մը, ուր ամենէ տկանրներն ու դիւրաբեկները պաշպանուած ըլլան''։
Ապա պատասխանելով ''Վադիլիքսի'' եղելութեան մասին իրեն ողղուած մէկ հարցումին, Վատիկանի դիւանագէտը մատնանշած է թէ այդ շրջանը եղաւ ''ցաւալի շրջան մը որ մեծ տառապանք պատճառեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին'', Ան ապա յոյս յայտնեց որ այդ էջը վերջնականօրէն փակուած համարուի։
Անդրադառնալով ''IOR-ին – Վատիկանի դրամատան-'' գերապայծառ Փարոլին յայտնեց թէ Քահանայապետի ըմբռնումով այդ հաստատութեան գործունէութիւնը պէտք է ծառայէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անոր կեանքի պահանջներուն ու պէտք է հիմնուի Աւետարանի սկզբունքներու վրայ։
Խօսելով հուսկ խաղաղութեան մասին, Վատիկանի Պետքարտուղարը հաստատեց թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցը Սուրբ Աթոռի առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մին է։ Ան ապա Ֆրանչիկսոս Պապը որակեց որպէս ''Սուրբ Աթոռի առաջին դիւանգէտ դերակատարը'' մատնանշելով Անոր` Սուրիոյ տագնապի լուծման ի խնդիր տուած անխոնջ սատարին ու խաղցած կարեւոր դերակատարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.