2014-02-11 10:05:55

Մինչ Ժընեւի բանակցութիւնները կը վերսկսին՝ Հոմսի զինադադարը կ՛երկարաձգուի


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ԺԸՆԵՒ, «Պի.Պի.Սի.».- Երկուշաբթի, Փետրուար 10ին, մօտաւորապէս 300 քաղաքայիններ եւս կրցան դուրս գալ Հոմս քաղաքի՝ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ կռուող զինեալներու հակակշիռին տակ մնացող շրջաններէն, շնորհիւ Հոմսի կառավարիչին ու Սուրիոյ մօտ ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն ջանքերով ընդդիմութեան եւ կառավարական ուժերուն միջեւ զինադադարը երեք օրով եւս երկարաձգելու համաձայնութեան:
Նախորդ երեք օրերուն, գրաւեալ շրջաններէն կրցած էին դուրս գալ մօտաւորապէս 600 քաղաքացիներ եւ հակառակ այն իրողութեան, որ մարդասիրական օժանդակութիւններ տեղափոխող կարգ մը փոխադրակառքեր յարձակումի թիրախ դարձած էին, կարելի եղած է որոշ քանակութեամբ օժանդակութիւն հասցնել շրջափակուած թաղամասերու բնակչութեան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, թէ դէպի Հոմս մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու եւ քաղաքայինները քաղաքի պաշարուած թաղամասերէն հեռացնելու շուրջ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ կայացած համաձայնութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կարելիութիւն կայ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական հարցերը լուծելու՝ «առանց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քաղաքականացած որոշումներ որդեգրելու»:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի միջնորդութեամբ «Ժընեւ-2»ի բանակցութիւններուն երկրորդ հանգրուանը վերսկսաւ Երկուշաբթի օր, երբ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները անջատ հանդիպումներ ունեցան ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն հետ: Կը նախատեսուի, որ կողմերը իրարու հետ բանակցութեանց սկսին Երեքշաբթի օր: Կառավարութիւնը կը շարունակէ շեշտը դնել «ահաբեկչութեան եւ բռնարարքներուն վերջ տալ»ու հարցին վրայ, մինչ ընդդիմութիւնը կառավարութենէն երաշխիքներ կը պահանջէ այն բանին համար, որ լիիրաւ իրաւասութիւններ ունեցող փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան ինք պիտի համաձայնի՝ պայմանաւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատ դերակատար չըլլայ նման կառավարութեան մը մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.