2014-02-11 10:06:05

Եւրոպական միութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Զուիցերիոյ հետ յարաբերութիւնները


Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է վերատեսութեան ենթարկել Զուիցերիոյ հետ յարաբերութիւնները: Պատճառը կիրակի օր Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն է, որուն իբրեւ արդիւնք քուէարկողներուն 50.3 առ հարիւրը աջակցեցաւ պահպանողական Զուիցերիոյ ժողովուրդի կուսակցութեան եւ կողմ քուէարկեց ներգաղթի օրէնքներու խստացման:
Սահմանափակումները կը վերաբերին նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու քաղաքացիներուն:
Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարար Սիմոնեթա Սոմմարուկա հանրաքուէի արդիւնքը նկատեց «հեռահաս հետեւանքներով առանցքային որոշում մը»` աւելցնելով, որ անիկա «վերջին տարիներուն ժողովուրդի թիւի աճին նկատմամբ անհանգստութիւնը կ՛արտացոլէ»: Այժմ կառավարութիւնը ժողովուրդին կամքը լաւագոյն ձեւով գործադրելու վերաբերեալ առաջարկ մը պէտք է ներկայացնէ խորհրդարանին:
Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրխալթեր ըսաւ, որ հանրաքուէին արդիւնքը Եւրոպական Միութեան հետ յաւելեալ համաձայնութեանց շուրջ բանակցութիւնները աւելի պիտի դժուարացնէ, «սակայն Զուիցերիոյ համար «սեւ կիրակի» մը չէ: Ժողովուրդը որոշեց եւ կառավարութիւնը այդ որոշումը պիտի գործադրէ յօգուտ երկրին»:
Եւրոպական յանձնաժողովը «ափսոսանք» յայտնեց հանրաքուէի արդիւնքին համար` աւելցնելով, որ պիտի ուսումնասիրէ հանրաքուէի արդիւնքին հետեւանքները երկկողմանի յարաբերութեանց համար:
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց կը պնդէ, որ նոր օրէնքը կ՛ոտնահարէ օտարերկրեայ գաղթականներու ազատ տեղաշարժի իրաւունքը:
Զուիցերիոյ կառավարութիւնը յայտնեց, որ գաղթականներուն վերաբերեալ քաղաքականութեան փոփոխութիւնը կրնայ հարուածել երկրի տնտեսութիւնն ու սրել Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները:
Զուիցերիա անդամ չէ Եւրոպական Միութեան, սակայն անոր հետ ազատ առեւտուրի եւ տեղաշարժի համաձայնագիր ունի:
Կիրակի օրուան թեր եւ դէմ քուէներու համեմատութիւնները իրարու շատ մօտ էին եւ երկրին լեզուական տարբեր շրջաններուն, ինչպէս նաեւ գիւղական եւ քաղաքային շրջաններու տարբերութիւնները արտացոլեցին: Գերմանախօս եւ իտալախօս շրջաններու բնակչութեանց մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի նպաստ սահմանափակումներուն, մինչ ֆրանսախօս շրջանները` դէմ:
Մասնակցութեան համեմատութիւնը 55.8 առ հարիւր էր, ինչ որ վերջին տասնամեակին ընթացքին բարձրագոյնն էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.