2014-02-11 10:14:54

Երեքշաբթի 11 փետրուարին կը յիշատակուի Լատերանեան դաշինքին 85-րդ տարեդարձը։ Նոյն օրը կը նշուի Լուրտի Տիրամօր Երեւումներու ճանաչման տարեդարձը եւ Հիւանդի համաշխարհային օրը։


Երեքշաբթի 11 փետրուարին կը յիշատակուի Լատերանեան դաշինքին 85-րդ տարեդարձը։ Լատերանեան դաշինքը՝ Եկեղեցւոյ եւ Իտալական պետութեան միջեւ փոխ յարաբերութեանց դաշինքն է, որ ստորագրուեցաւ 11 փետրուար 1929-ին, Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով։ Այս դաշինքով վերջ գտաւ ''Հռոմէական հարց'' կոչուած կնճռոտ խնդիրը եւ վերջ տրուեցաւ՝ Եկեղեցւոյ ու Իտալական պետութեան միջեւ, 1870-էն ի վեր տիրող լարուածութեան։ 1929-ի Լատերանեան դաշնագիրով ''Վատիկանը'' դարձաւ ու ճանչցուեցաւ որպէս ''անակախ պետութիւն''։
11 Փետրուարին, կը նշուի նաեւ Լուրտի Տիրամօր Ա. երեւման 156-րդ տարեդարձը։ Արդարեւ Տիրամօր առաջին երեւումը Սրբուհի Պերնատէթ Սուպիրույին տեղի ունեցած էր 11 փետրուար 1858-ին, մինչ վերջինը 16 Յուլիս 1858-ին։ Եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչցած է այս երեւումները, 18 Յունուար 1862-ին։ Պերնատէթ Սուպիրուն մահացաւ երկար հիւանդութենէն ետք 16 Ապրիլ 1879-ին, 35 տարեկանին. եւ իր մարմինը ամփոփուեցաւ վանքի գերեզմանին մէջ` Աւագ Շաբաթ օրը՝ 19 Ապրիլ 1879-ին։ Երանացման դատին համար գերեզմանը երեք անգամ բացուեցաւ (1909-ին, 1919-ին եւ 1925-ին) եւ այս երեք անգամներուն մարմինը անապականած վիճակի մէջ գտնուեցաւ։ Անոր մարմինը այսօր զետեղուած է ապակիէ տապանի մէջ, եկեղեցւոյ յատուկ խորանի մը վրայ որպէսզի այցելուներուն մեծարանքի արժանանայ։
Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը, Է նաեւ Հիւանդի համաշխարհային օր, քանի որ փաստուած բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան այնտեղ։ Այս տարուայ Հիւանդի Համաշխարհային օրուայ բնաբանն է ''Հաւատք ու սէր. Պարտինք մենք եւս մեր կեանքը տալ` մեր եղբայրներուն համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.