2014-02-11 10:06:15

«Պքերքէի փաստաթուղթին նպատակն է Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կազմակերպելու ընդմէջէն ապահովել Լիբանանի զարթօնքը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մար Մարունի առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց Ազգային ուխտին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անշեղ մնալը երկրին իշխանութեան մէջ հաւասար ու արդար մասնակցութիւն ապահովելուն:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Պքերքէի հրապարակած Ազգային փաստաթուղթին նպատակն է Լիբանանի զարթօնքը ապահովել` հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կազմակերպելու ընդմէջէն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ վերջ տալու երկփեղկումին, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը եւ կազմակերպել նախագահական ընտրութիւնը:
«Արդեօք պատասխանատուները կը զգա՞ն ժողովուրդին ցաւը եւ կը գիտակցի՞ն, թէ անոնք պէտք է ծառայեն ժողովուրդին», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան հաստատեց, որ ժողովուրդը կորսնցուցած է պատասխանատուներուն նկատմամբ իր վստահութիւնը, «որովհետեւ դժբախտաբար պատասխանատուները կը հովանաւորեն օրինազանցութիւնները», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն վերջ տալու զինեալներու ֆինանսաւորումին:
Նախքան պատարագը Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց զօր. Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք հարիւր առ հարիւր կը զօրակցի Պքերքէի հրապարակած փաստաթուղթին:







All the contents on this site are copyrighted ©.