2014-02-10 12:37:23

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 10 փետրուարի պաշտօնական հանդիպումները։


Երկուշաբթի, 10 փետրուար, առաւօտեան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Անթոնիօ Քանիզարէս Լովերան` Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման Ժողովի կառավարիչը, որ յառաջիկայ 14 եւ 15 փետրուարին, Բանամայի մէջ, որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ, պիտի գլխաւորէ Բանամայի առաջին թեմի` Սանդա Մարիա լա Անդիկուայի հաստատումին 5-րդ դարադարձի տօնակատարութիւններու եզրափակիչ արարողութիւնները։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ընդունեց` Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը, Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին, հուսկ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը` գերապայծառ Լուտուիկ Միւլլէրը եւ Իտալիոյ Թորինօ Թեմի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Չէզարէ Նոզիլիան։

Իսկ առաւօտեան, Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները Սուրբ Զոհին մէջ վերագտնել Աստուծոյ իսկական ներկայութեան խորհուրդը։
Սանթա Մարթայի մէջ սուրբ պատարագի զոհին մասնակցիլը զբօսաշրջիկութիւն մը չէ - ըսաւ Քահանայապետը – երբ մենք պատարագի կը մասնկցինք ''վերջին ընթրիքի'' ներկայացումը չենք կատարեր, ասիկայ լոկ ներկայացոմ մը չէ, այլ նոյնինքն ''վերջին ընթրիքն'' է որ կ՛իրականացուի։ Իսկական Աստուածայայտնութին։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ սուրբ պատարագի ընթացքին կը մտնենք Աստուծոյ խորհուրդին մէջ եւ հայցեց Աստուծմէ շնորհքը` հասկնալու Աստուածային այս խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.