2014-02-10 14:08:44

Վատիկանի ծանրակշիռ ներկայութիւնը միջազգային հաստատութիւններէն ներս։


Դիւանագիտական ու ընկերակցական իր ցանցին շնորհիւ, Վատիկանը ծանրակշիռ ներկայութիւն մըն է միջազգային հաստատութիւններէն ներս, կը գրէ ֆրանսական "La Croix" օրաթերթը։
Ս. Աթոռը յատկապէս ներկայ է ՄԱԿի զանազան մարմիններու մէջ եւ շնորհիւ իր բերած սատարին, Եկեղեցին կը ներկայանայ որպէս բարոյական անկախ իշխանութիւն մը։
Բացի անոր դիւանագիտական ցանցին, 179 պետութիւններու մօտ, Ս. Աթոռը, որպէս մնայուն դէտ ՄԱԿին մօտ, անդամ է եօթը մարմիններուն եւ դէտ է ոչ-կառավարական միջազգային 8 հաստատութիւններու մէջ։
2004էն ասդին իր ներկայութիւնը հզօրացած է ՄԱԿէն ներս եւ իրաւունք ստացած է միջամտելու ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի բանակցութիւններուն եւ իր խօսքը լսելի ընելու յաչս համաշխարհային հարցերու։
Բացի ՄԱԿէն, Ս. Աթոռը ներկայ է միջազգային Ատեաններէն ներս,ինչպէս` Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան մարմնին, Սդրազպուրկի Եւրոպական Խորհուրդի, Ափրիկեան Միութեան կազմակերպութեան ու Արաբական Պետութիւններու Լիկային մօտ։ Եւրոպական գետնի վրայ եպիսկոպոսները կը համագործակցին եպիսկոպոսներու ու եւրոպական հասարակութեան յանձնախումբերու հետ, որոնց աթոռը Ժընեւ կը գտնուի։
Նոյնպէս կաթողիկէ մեծ թիւով կազմակերպութիւնները ներկայ են միջազգային հաստատութիւններէն ներս, ինչպէս. Saint-Vincent-de-Paul ընկերակցութիւնը որ անդամ է ՄԱԿի ընկերային ու տնետեսական խորհուրդին, միջազգային Գարիթասը, Մալթայի Ասպետական Կարգը որ նոյնպէս ներկայութիւն մը ունին ՄԱԿին մօտ։

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը գերապայծառ Փարոլին յայտնած է որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ընդհանրական առաքելութիւնը ու անոր ընկերային ծաւալը մղեցին զինք միշտատեւ կապեր հաստատելու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Ս. Աթոռը ինքզինք կը նկատէ որպէս ներկայացուցիչը մարդուն եւ այսպէսով ան կը մտի մարմնացնել Պետութիւններէ անկախ, գերիշխան բարոյական իշխանութիւն մը, պաշտպանը հանդիսանալով մարդկային էակին միջազգային հասարակութեան զանազան մարմիններու մօտ։
ՄԱԿի մանուկի իրաւունքի կոմիտէն, անցեալ 5 փետրուար 2014-ին, ամբաստանող ծանր տեղեկագիր մը հրապարակած է Ս. Աթոռի տածած աշխատանքին` մանկամոլութեան հարցով։ Ս. Աթոռը իր հիասթափութիւնը յայտնած է ու մատնանշած որ այս տեղեկագիրը հաւանօրէն կանխաւ շարդարուած է ու նկատի չ'առներ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այդ ուղղութեամբ բերած նպաստը 2000էն ասդին, մանուկներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Սուրբ Աթոռը միաժամանակ ցաւ յայտնած է ՄԱԿի Եկեղեցւոյ հարցերով միջամուխ ըլլալու կամքին ի տես, մասնաւորապէս երբ կը հրաւիրէ Եկեղեցին վերատեսելու իր դիրքը կարգ մը Բարոյական հարցերու մասին ինչպէս, միասեռականութիւնը եւ վիժումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.