2014-02-10 12:48:00

2050թ. Եւրոպայի իւրաքանչիւր հինգերորդ բնակիչը Մահմետական պիտի ըլլայ


Գաղթականներու ամերիկեան հիմնարկի մը հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2050-ին Եւրոպայի իւրաքանչիւր հինգերորդ բնակիչը մահմետական պիտի ըլլայ:
Այսօր իսլամներու թիւը եւրոպական երկիրներուն մէջ կը կազմէ մօտ 5% տոկոսը: Սակայն 2050-ին այդ թիւը աճած պիտի ըլլայ եւ տոկոսային համեմատութիւնը հասած պիտի ըլլայ 20%-ի:
Մեծն Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ այս թիւը պիտի հասնի շատ աւելի բարձր տոկոսներու: Պատճառը՝ Եւրոպական Միութեան երկիրներու քաղաքացիներուն մօտ ծնունդի ցած չափանիշներն են, միաժամանակ իսլամական երկիրներէ գաղթածներու ընտանիքներուն մէջ ծնունդի բարձր աստիճանի համեմատութեամբ:
Բացի այս տուեալէն, սակայն, վերջին հաշուարկներուն համաձայն, ամեն տարի մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով՝ Եւրոմիութեան երկիրները կը հասնի մինչեւ 2 միլիոն գաղթական, որուն մեծ մասը իսլամներ են:
Հետզհետէ ծաւալող այս երեւոյթը մասնագէտները կ’որակեն «ժողովրդագրական ժամանակային ռումբ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.