2014-02-09 12:30:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Քրիստոնեան լուսաւորող վառուած կանթեղ մըն է որ Յիսուսի լոյսը կը բերէ''։


Կիրակի, 9 փետրուարի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց, օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ըսէ ''Դուք երկրին աղն էք...եւ աշխարհի լոյսը''։
Յիսուս – յարեց Սրբազան Հայրը - իր աշակերտներուն, որ պարզ ու մեղաւոր մարդիկ էին, կը նայի Աստուծոյ աչքերով։ Ան կ՛ուզէ անոնց ըսել ''եթէ դուք հոգիով աղքատ, հեզ, մաքուր սրտով եւ ողորմած էք....կը դառնաք երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը''։ Բոլոր մկրտեալներս առաքեալ աշակերտրներ ենք ու կանչուած ենք ըլլալու ողջ աւետարան մը, որ սրբակեաց կեանքով ''համ'' կու տանք զանազան շրջանակներուն ու հոն կը տանինք Քրիստոսի լոյսը, մեր հարազատ սիրոյ վկայութեամբ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով թէ` ''Քրիստոնիայի կոչումը կը կայանայ` Յիսուսի Լոյսը բերող, վառուած կանթեղ մը ըլլալու մէջ''։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց` 11 փետրուարին նշուելիք Լուրտի Տիրամօր տօնին եւ Հիւանդի Համաշխարհային օրուան, որ առիթ մըն է - ըսաւ Ան - մեր հասարակութիւններու կեդրոնը զետեղելու հիւանդները, աղօթելու անոնց համար ու անոնց հետ միասին եւ մօտիկ ըլլալու անոնց։
Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց ապա Հիւանդի համաշխարհային օրուայ բնաբանին` ''Պարտինք ուրեմն մենք ալ մեր կեանքը տալ մեր եղբայրներուն համար'' (Ա. Յովհ. 3,16), ընդգծելով հիւանդապահներու թանկարժէք եւ նուիրական գործունէութիւնը։ Ան ապա յիշեց այն հիւանդները որ ընտանիքներու մէջ կ՛ապրին, յորդրորելով ` '' սիրով օգնել իրար զիրար, զգալու համար Աստուծոյ մխիթարիչ ներկայութիւնը''։
Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու վերյիշեց այս օրերուն Սոչիի մէջ ողիմպիական խաղերը, մաղթելով որ անոնք ըլլան ''մարզանքի եւ բարեկամութեան տօնախմբութիւն մը։
Խօսքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց աշխարհի զանազան երկիրները հարուածող ''բնական աղէտներուն'', ու հրաւիրեց խնամք տանիլ բնութեան եւ զօրակից ըլլալ իրարու միջեւ։ Ապա հրաժեշտ առնելէ առաջ, վերահաստատեց թէ ''Քրիստոնեան լուսաւորող վառուած կանթեղ մըն է որ Յիսուսի լոյսը կը բերէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.