2014-02-09 11:35:10

Եկեղեցին շուտով Մարտիրոս նոր Երանելիներ պիտի ունենայ։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 8 փետրուարին, ճանչցաւ սուրբերու դատի Ժողղովի ներկայացուցած հինգ նոր վաւերագրեր`.

- Մարտիրոսութիւնը` Աստուծոյ ծառայ ֆրանչեսկոս Զիրանօյի` ֆրանչիսկեան կրօնաւոր, որ քրիստոնեայ հաւատքին համար նահատակուեցաւ Ալճերիոյ մէջ 25 յունուար 1603-ին։ Ան ծնած էր Իտալիոյ Սասսարի քաղաքին մէջ 1564-ին։
- Մարտիրոսութիւնը` Աստուծոյ ծառաներու Պօղոս Եում Ժի-շունկ, աշխարհական եւ 123 ընկերները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Քրիստոսի սիրոյն Քորիայի մէջ 1791-1888 թուականներուն։
- Հերոսական առաքինութիւնները, Աստուծոյ ծառայ Էչավառիա ի Ագիռէ` Մեքսիքոյի Սալդիլլօ թեմին եպիսկոպոսը եւ հիմնադիրը Կուատելուփէի կրօնուսուցչուհի` իգական միաբանութեան։ Ծնած է Մեքսիրոյի Ռէալ վայրը, 6 յուլիս 1858-ին, եւ վախճանած Սալդիլլօյի մէջ 5 ապրիլ 1954։
- Հերոսական առաքինութիւնները` Աստուծոյ ծառայ ֆաուսդինօ Կիլարտի, ֆրանչիսկեան կրօնաւոր, ծնած Իտալիոյ Բիավէ վայրը, 6 մայիս 1858-ին եւ վախճանած 25 հոկտեմբեր 1937-ին։
- Հերոսական առաքինութիւնները` Աստուծոյ աղախինը Մարիա Ռոչիօ, կրօնաւորուհի Աստուածային Սիրոյ կոչուած միաբանութեան, ծնած է Սպանիայի Գոլմենար վայրը, 16 մայիս 1923 եւ վախճանած Հռոմ` 30 մարտ 1956-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.