2014-02-08 13:19:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Սրի Լանքայի հասարակութեան։


Շաբաթ, 8 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Կարտինալ Մարք Ուելլէն` եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը։ Ան ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի շարք մը եպիսկոպոսներու, որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Հայրը ապա ժամը 12,30-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած` Սրի Լանքայի հասարակութեան անդամներուն հետ, որոնք ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ` եզրափակելու համար Սրի Լանքայի Եկեղեցւոյ Աստուածամօր նուիրումին 75-րդ ամեակը։
Յայտնենք որ Իտալիոյ Սրի Լանքայի հասարակութիւնը, շաբաթ առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ մասնակցեցաւ Կարտինալ Ռանժիթի գլխաւորած սուրբ զոհի արարողութեան։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, վերյիշեց Սրի Լանքայի Եկեղեցւոյ Աստուածամօր նուիրումին 75-րդ յոբելեանը, եւ մատնանշեց 1940-ին, համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին, Քոլոմպոյի Արքեպիսկոպոսի ուխտին, կառուցելու Աստուածամօր նուիրուած Սրբավայր մը, եթէ կղզին խնամուէր օտարներու արշաւէն։ Եւ այսպէսով պատերազմի աւարտին, Թէուաթթիի մէջ կառուցուեցաւ Սրի Լանքայի Տիրամօր գեղեցիկ սրբավայրը։
''Սիրելի բարեկամեր – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Տիրամայրը միշտ մեր մօտն է` մեզի կը նայի իր Մայրական սիրով ու կ՛ընկերանայ մեր ուղեւորութեան։ Մի տատամսիք անոր դիմելու` որեւէ պահանջի համար, մանաւանդ երբ կեանքի ծանրութիւնը աւելիով զգալի կը դառնայ իր բոլոր հարցերով''։ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց թէ Սրի Լանքան կոչուած է նաեւ Հնդկական Ովկիանոսի մարգարիտ, անոր բնական գեղեցկութեան համար։ Կ՛ըսուի թէ մարգարիտը կազմուած է ոստրէյի արցունքներէն ։ Դժբախտաբար շատ արցունքներ թափուեցան վերջին տարիներուն, ներքին բախումներու պատճառաւ որ բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ գործեց։ Դիւրին չէ վէրքերը բուժել եւ համագործակցիլ հակարակորդին հետ, կերտելու համար ապագան, սակայն այս միակ ճանապարհն է որ մեզի կրնայ ներշնչել ապագայի յոյս, զարգացում եւ խաղաղութիւն։
Ասոր համար ձեզի կը հաւաստիացնեմ որ յատուկ տեղ կը գրաւէք իմ աղօթքներուս մէջ ։
Տիրոջ կը պաղատիմ որ ձեզի պարգեւէ խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը եւ ձեզ օգնէ Սրի Լանքայի համայն բնակչութեան աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու փորձին մէջ։
Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Աստուածամօր բարեխօսութեան, Մարիամ` Սրի Լանաքայի Տիրամայրը ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար – ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.