2014-02-08 08:49:25

Յովհաննէս Պօղոս Բ պիտի դառնայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ պաշտպան սուրբը։


Պրազիլի երիտասարդները, յառաջիկայ 13 ապրիլ 2014-ին, որ կը զուգադիպի Ծաղկազարթի կիրակին, երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յատկանշող խաչափայտը պաշտօնապէս Քրաքովեայ պիտի փոխադրեն, զայն յանձնելու համար Քրաքովիայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի կազմակերպիչներուն։ Լատինամերիկայի երիտասարդները այս առթիւ կազմակերպիչներուն պիտի յանձնեն նաեւ ''Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' Տիրամօր սրբանկարը։ Այս մասին տեղեկացուցած է` գերապայծառ Ժոզէֆ Քլեմենս, աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը, մատնանշելով որ երիտասարդութեան համաշխարհային 29-րդ օրը տեղի պիտի ունենայ` 2016-ին, Լեհաստանի Քրաքովեա քաղաքին մէջ։ Գերապայծառը ընդգծած է նաեւ որ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին, յաջաիկայ 27 ապրիլին տեղի ունենալիք սրբադասումը, առաւել սլացք մը պիտի տայ Երիտասարդութեան։ Այս առընչութեամբ ԼԵհաստանի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնած է թէ ՅՊԲ-ի սրբադասումէն ետք Ան պիտի դառնայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ պաշտպան սուրբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.