2014-02-08 09:42:07

''Թէզէ'' համամիութենական կազմակերպութեան աղօթքի հսկումը՝ ի սպաս Սուրիոյ
Խաղաղութեան։


Կիրակի, 9 փետրուար` երեկոյեան ժամը 7,30 ին, եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան միսիոնարական կեդրոնի եւ Հռոմի թեմի գաղթականներու հովուական գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Փորթիքօ ժողովրդապետութեան մօտ տեղի կ՛ունենայ Թէզէի համամիութենական շարժումի աղօթքի երեկոյ Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս։ Աղօթքի երեկոն կը նախագահէ՝ Գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի`Հռոմի թեմի փոխանորդ եպիսկոպոս ''կեդրոնի բաժնին'' եւ եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան միսիոնարական կեդրոնի՝ յանձնարու։
Վերոյիշեալ աօղթքի հսկումին կը մասնակցին՝ Հռոմ քաղաքի մէջ գտնուող միջին արեւեքի հասարակութիւնները։ Հսկումի ընթացքին, հաւատացեալները յատուկօրէն աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Աստուած, հայ կաթողիկէ համայնքի քահանայ` հայր Միշէլ Քայալի եւ յոյն օրթոտոքս հայր Մահեր Մահֆուզի դիտաւորութեան, անոնց արեւանգումի տարեդարձին առթիւ` որ տեղի ունեցած էր անցեալ 9 փետրուար 2013-ին, Հուսկ ներկաները պիտի աղօթեն նաեւ Ասորի օրթոտոքս եպիսկոպոս` Գերապայծառ Ժորժ Եոհաննա Իպրահիմի եւ յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոս` գերապայծառ Պուլոս ալ Եազիճիի ազատագրումի դիտաւորութեան ինչպէս նաեւ Մաալուլայի մէջ առեւանգուած մայրապետներու եւ Յիսուսեան Հայր Բաուլօ Տալոլիոյի ազատագրումի դիտաւորութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.