2014-02-08 09:11:22

Դամասկոս կը հաստատէ Ժընեւի բանակցութեանց իր մասնակցութիւնը


Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ հաստատեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2»-ի բանակցութեանց երկրորդ հանգրուանին, որ նախատեսուած է երկուշաբթի օր:
Մըքտատ յայտնեց, որ սուրիական պատուիրակութիւնը կը հաստատէ, որ «խորհրդաժողովի աշխատանքներու առաջին հանգրուանին թափած իր ջանքերը պիտի շարունակէ: Ըստ անոր, շեշտը պիտի դրուի «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութիւնը կէտ առ կէտ եւ հոն նշուած կարգով քննարկումին վրայ»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան վերականգնումը կը պահանջէ ահաբեկչութեան եւ բռնարարքներուն վերջ տալու հարցին քննարկումը, ինչպէս նշուած էր «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ սուրիական երկու կողմերը պէտք է կնքեն համաձայնութիւն` սուրիացի քաղաքացիներու կեանքերը պաշտպանելու եւ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ անմեղներուն արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ Հոմս մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու եւ քաղաքայինները քաղաքի պաշարուած թաղամասերէն հեռացնելու շուրջ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ» կայացած համաձայնութիւնը ցոյց կու տայ, որ կարելիութիւն կայ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական հարցերը լուծելու, առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քաղաքականացած որոշումներ որդեգրելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.