2014-02-08 09:33:50

Առաջաւորի Բարեկենդան
Յովհաննէս 6, 15-21


RealAudioMP3 Այսօրուայ աւետարանին մէջ կը տետնենք թէ ինչպէս Յիսուս իմանալով թէ մարդոց բազմութիւնը, որ ականատես եղած էր 5000 հոգիի համար հացերու բազմացումին, պիտի գան յափշտակեն զինք, Երուսաղէմ տանին ու հոն թագաւոր հռչակեն: Հետեւաբար, Ան ամբոխէն խոյս կու տայ, վախնալով նաեւ որ ժողովուրդին այդ նիւթապաշտ եւ շահախնդիր խանդավառութիւնը խափանէ իր հոգեւոր նպատակը:
Այս արարքով, այսինքն` շահախնդիր ամբոխէն հեռանալով, մեր Աստուածային Վարդապետը կը վորվեցնէ մեզի, թէ մեր առաքելութիւնը, մեր արօրեայ գործերն ու պարտականութիւնները կատարելու մէջ` տարուելու չենք մարդահաճութենէն, երկերես ժողովուրդէն, գովասանքներէն ու գովեստներէն, հասարակ ժողովուրդին բարբարով` խնկարկողներէն, ապրիսներէն, կեցցես-ներէն, որովհետեւ ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ փոփոխամիտ է, այսօր «Ովսաննա» կ՛աղաղակէ` իսկ վաղը «ի խաչ հան» կը պոռայ, ինչպէս պատահեցաւ մեր Փրկչին` Յիսուսի Քրիստոսի: Հետեւելու ենք ամէն բանի մէջ Աստուծոյ սուրբ կամքին` նոյնիսկ եթէ ան մեզմէ զոհողութիւն պահանջէ:
Այսօրուան աւետարանը կը պատմէ նաեւ թէ ինչպէս Յիսուս ծովուն վրայէն քալելով` մօտեցած էր իր աշակերտներուն, որոնք արդէն ցամաքէն մօտ 5000 մեթր հեռացած էին նաւակով: Անոնք զինքը տեսնելով` ահ ու սարսափի կը մատնուին, կը վախնան: Ուրուական կը կարծեն: Հետեւաբար, զիրենք անդորրեցնելու եւ հանդարտեցնելու համար, Յիսուս հարկադրուեցաւ անոնց ըսելու . «Ես եմ մի՛ վախնաք»: Կարծէք Յիսուս ուզեց հասկցնել առաքեալներուն թէ առանձին կարող չեն վարել եկեղեցւոյ ղեկը: Պէտք է դիմեն Յիսուսի, եկեղեցւոյ գլուխին: Որովհետեւ Յիսուսի Անունը` Էմմանուէլ, յոյս, խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ հաստատութիւն կը ներշնչէ: «Մի վախնաք, ես եմ», ըսաւ Յիսուս: Վախը, ինքնավստահութիւնը, եւ թերահաւատութիւնը հոգեւոր կեանքի մէջ կ՛առաջնորդեն դէպի կորուստ, դէպի մահ, դէպի յուսահատութիւն: Աստուած Երեմեայ Մարգարէին կ՛ազդարարէր ըսելով. «Բանէ մը մի՛ վախնար, ապա թէ ոչ քեզ կը թողում քու վախիդ ձեռքը»: Հետեւաբար վախը տկարութեան նշան է, կը ստորնացնէ եւ կը նուաստացնէ մարդ արարածը. անկարող կը դարձնէ զինք հասնելու նպատակին: Ոմանք վախ ունին անծանօթ ճամբաներէն, ուրիշներ նոյնիսկ իրենց շուքէն կը վախնան, փորձանքներէն, դժուարութիւննրէն, մտահոգութիւններէն, մութէն կը վախնան, թշնամիներէն կը վախնան, չարէն, սայթաքումներէն, տխուր անցեալէն, նամանաւադ մութ ապագայէն: Այս տեսակ վախերը, զորս մասամբ բնական են, մեր եռանդը եւ մեր ուժերը կ՛անդամալուծեն, անդադար տարակոյս կը ստեղծեն մեր մէջ:
Հետեւաբար, այսօրուայ աւետարանին դէպքը մեզի կը մղէ յառաջդիմելու մեր կեանքին մէջ, գերազանցելով մեր վախերը եւ տարակոյսները, մեր մտքին ու սրտին մէջ ունենալով միշտ Յիսուսին խօսքը . Ո՛վ մարդ, մի՛ վախնար, ես եմ: Այլ իմաստով` Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ինքնաճանաչումին: Ճանչցի՛ր քու տկարութիւններդ, ճանչցի՛ր քու սահմաններդ, որովհետեւ միայն այսպիսի գիտակցութիւն մը կրնայ մղել մեզ յաղթահարելու մեր տկարութեան եւ մեր վախին ու սարսափին: Յիշէ ո՛վ մարդ որ Ամենաբարի եւ Ամենակարող Աստուած մը ունիս, Տէր մը ունիս որ բնաւ ձեռնունայն չի թողուր իրեն վստահութեամբ դիմողները: Դէմէ իրեն եւ պիտի տեսնես որ քու վախերդ եւ տարակոյսներդ պիտի շոքիանան ու անհետանան առ յաւէտ: ամէն







All the contents on this site are copyrighted ©.