2014-02-08 09:23:59

«Հայ Ժողովուրդը կը մերժէ մարդու իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին որոշումը» Արամ Ա. Կաթողիկոս


Ուրբաթ, 7 փետրուար 2014-ի առաւօտ վեհարանի իր գրասենեակին մէջ` ընդունելով Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի որոշումը` թուրք Տողու Փերինչեքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Եւրոպայի այլ երկիրներու մօտեցումներուն վրայ», շեշտեց վեհափառը միաժամանակ յայտնելով, որ «Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը ոչ միայն հարցականի տակ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ` բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը կը զօրակցի Զուիցերիոյ պետական իշխանութեան, որ դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին` շրջելու որոշումը»:
Բաժնելով հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը` Զուիցերիոյ դեսպանը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ինք քաջատեղեակ է յիշեալ հարցէն, եւ թէ Զուիցերիոյ բոլոր դեսպանատուները արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ բողոքներ ստանալ:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ կապ հաստատեց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին հետ, որպէսզի անոնք եւս իրենց բողոքը յայտնեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումին դէմ, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն` զուիցերիական իշխանութիւններուն` մերժելու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին:







All the contents on this site are copyrighted ©.