2014-02-07 09:24:10

Ձմեռնային 22րդ Ողիմպիական Խաղերու բացումին՝ ծածանեցաւ Հայաստանի դրօշը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 6-9 Փետրուարին աշխատանքային այցելութիւն կու տայ Ռուսիա՝ 7 Փետրուարին Սոչիի մէջ կայանալիք ձմեռնային 22րդ ողիմպիական խաղերու հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուելու նպատակով:
Բացման հանդիսութեան ողիմպիական աւանին մէջ ծածանած է Հայաստանի դրօշը, զոր բարձրացուցած է Սերգէյ Միքայէլեանը: Արարողութեան ներկայ եղած է Հայաստանի ամբողջ պատուիրակութիւնը:
Ձմեռնային ողիմպիական խաղերը պիտի կայանան 7-23 Փետրուար: Այս խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն չորս մարզիկներ՝ երեք դահուկորդներ՝ Սերգէյ Միքայէլեանը, Արթուր Եգոյեանը, Կատեա Գալստեանը, լեռնադահուկորդ Արման Սերեբրակեանը: Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութեան գլխաւոր յանձնակատարը ՀԱՈԿի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.