2014-02-07 09:54:14

Իսրայէլի գերագոյն ատեանը կը կասեցնէ բաժանումի պարիսպի կառուցման աշխատանքը Գրեմիզոն ձորին մէջ։


Իսրայէլի գերագոյն ատեանը, 4 փետրուարին, անգամ մը եւս հրահանգած է բաժանումի պարիսպի կառուցման աշխատանքը կեցնել, Բեթղեհէմի մօտ գտնուող Գրեմիզոն ձորին մէջ։
Ի լուր այս վճիռին, 'Սան Իվ' մարդու իրաւունքներու պաշտպան ընկերակցութիւնը, որ կախում ունի Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութենէն, իր խնդակցութիւնը յայտնած է։
Յայտնենք որ իսրայէլեան կառավարութիւնը մտադիր է բաժանումի պարիսպը կառուցանել Պաղեստինի պատկան կալուածին վրայ։
Այդ պատի շինութիւնը նախատեսուած է սալեզեան միաբանութեան հողին վրայ, երկու մասի բաժնելով միաբանութիւնը, եւ միաժամանակ` արտահան ընելով քրիստոնեայ 58 ընտանիքներ իրենց հայրենի հողերէն։
Քրիստոնեայ աշխարհը բողոք ներկայացուցած է Իսրայէլի կառավարութեան։ Անցեալ ամիս ԱՄՆի, Եւրոպայի ու Գանատայի եպիսկոպոսներու մէկ խումբը այցելութիւն կատարած էր Գրեմիզոն ձորի բնակիչներուն եւ բողոքի նամակ մը ուղղած է ԱՄՆի պետական քարտուղար Ճոն Քեռիին, որպէսզի իր կարգին ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի կառավարութեան վրայ







All the contents on this site are copyrighted ©.