2014-02-07 09:52:22

Ընտանեկան դաստիարակութիւնը


RealAudioMP3 Քրիստոսի պատուէրը ուսուցանելու չէ վերապահուած միայն Սրբազան Քահանայապետին, եպիսկոպոսներուն, կղերականներուն կամ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն, այլ ուղղուած է նաեւ անոնց, որոնք գիտեն եւ ունին վարդապետութիւնը, որոնք պաշտօնով եւ վիճակով ստանձնած են այդ նուիրական պարտականութիւնը, այսինքն` ծնողները:
Յատուկ պարտականութիւնն է ծնողներուն, որոնք ոչ թէ միայն պատուէրն ունին ուսուցանելու, այլ նաեւ առիթն ու միջոցները, եւ ոեւէ ուսուցիչէ աւելի պարտականութիւն ունին սորվեցնելու:
Դպրոցին մէջ ուսուցիչը կը սովորեցնէ եւ կը դաստիարակէ, իսկ հայրն ու մայրը, ապրելով երեխային հետ, հաղորդակից ըլլալով բազմաթիւ կենսապայմաններուն` զաւակներու վրայ ներգործելու աւելի լայն հնարաւորութիւն ունին: Բոլոր ուսուցիչները պարզապէս կրնան գործել իբր օգնական ծնողքին, իբր անոնց գործակատարներ, ներկայացուցիչներ` աշխարհիկ, կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութեան մարզերուն վրայ:
Ծնողքին սէրը հանդէկ իրենց երեխաներուն, տղոց վստահութիւնը հանդէպ իրենց ծնողքին, անոնց յարատեւ միութիւնը էական են իւրաքանչիւր դաստիարակութեան մը մէջ: Ծնողները պարտին ըլլալ բարի օրինակ, որպէսզի զաւակները իրենց նմանութեան ճիգը հաստատեն բարի եւ դրական արժանիքներու վրայ:
Ծնողներուն դասիարակութիւնը պէտք է բովանդակէ եւ ընդգրկէ կեանքի բոլոր փուլերը` իմացական, բարոյական եւ հոգեկան բոլոր կարողութիւնները` մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին: Մէկ խօսքով, զաւակները սահմանուած են գերերկրային կեանքի մը. ճշմարիտ դաստիարակութիւնը պարտի զարգացնել կազմաւորումը մարդկային անձին` անոր գերագոյն նպատակին լոյսին տակ»:
Պարտականութիւնը ծնողներուն, իրենց զաւակները դաստիարակելու մէջ, կը հետեւի այն իրողութեան թէ անոնք ազատ կամքով գործակիցներ եղան Աստուծոյ, կեանք տալով նոր արարածներու: Կեանքի պարգեւը տալով զաւակներուն, անոնց է նաեւ պարտականութիւնը սորվեցնելու, ինչ որ անհրաժեշտ է, որպէսզի անոնք վարեն կատարեալ մարդկային կեանք մը: Խօսքով եւ գործով կը հաղորդեն իրենց զաւակներուն, ինչ որ անհրաժեշտ է գիտնալ ներդաշնակ զարգացման համար ֆիզիքական եւ իմացական կեանքին, որպէսզի հասնին հոգեւոր հասունութեան:
Ընտանեկան դաստիարակութեան յաջողութիւնն ապահովող առաջին պայմանը ուրեմն համերաշխ ընտանիքի ներդաշնակութիւնն է: Ընտանիքի մէջ լաւ փոխյարաբերութիւններու, առողջ մթնոլորտի ներդաշնակութեան դեպքին մէջ կ՛աճին հանգիստ, հավասարակշռուած, եռանդուն ու կենսուրախ մարդիկ:
Երեխայի դաստիարակութեան հարցով մեծ նշանակութիւն ունին ծնողներու փոխյարաբերութիւնները երեխաներու հետ: Որեւէ դաստիարակութեան մէջ առաջնակարգ տեղ ունին խստութեան եւ քնքշութեան չափերը: Կարելի չէ անընդհատ սիրել երեխային, անընդհատ գովասանքի արժանացնել, խրախուսել, կատարել անոր բոլոր պահանքջները կամ ընդհակառակը, երեխային անընդհատ պարսավանքի ենթարկել, պատժել եւ այլն: Այս բոլորը պէտք է ըլլան չափաւորուած ու դուրս չգան անհրաժեշտութեան սահմաններէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.