2014-02-07 09:44:38

Երուսաղէմի Պատրիարքարանը 50,000 տոլար կը նուիրէ Սուրիահայութեան


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանը Հինգշաբթի, Փետրուար 6 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը, Յունուար 21-23ին տեղի ունեցած Ընդհանուր ժողովին ընթացքին, քննած է նաեւ Սուրիոյ ու յատկապէս սուրիահայութեան իրավիճակը, ապա պատրիարքին առաջարկով ու միաբանութեան հաւանութեամբ, որոշած է 50,000 տոլար գումար մը յատկացնել սուրիահայութեան կարիքներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.