2014-02-07 09:44:23

«Ասատ տագնապին մէջ կէտեր կ՛արձանագրէ եւ որոշ չափով իր դիրքը բարելաւեց» կ՛ըսէ Քերրի


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը ընթացող տագնապին մէջ կէտեր արձանագրեց»:
Քերրի ըսաւ, որ «Ասատ իր դիրքը որոշ չափով բարելաւեց, սակայն միշտ չի յաղթեր, ասիկա անել է»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան ռազմավարութեան ձախողութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանեց «ո՛չ»: «Սուրիոյ մէջ քաղաքականութիւնը շատ դժուար է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «չենք ուզեր որեւէ ձեւով պատրուակներ փնտռել, սակայն կ՛ուզենք, որ այս հարցը աւելի արագ կերպով յառաջ ընթանայ, եւ այդ մէկը աւելի լաւ ձեւով կատարենք»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը Հոմս մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են եւ ներկայիս Հոմսի հին քաղաք այդ օժանդակութիւնը հասցնելու հարցը կը քննարկեն` աւելցնելով, որ վերջին ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ երկու կողմերը այս հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
«Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ Հոմսի նահանգապետ Թալալ Պարազի յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի հետ քաղաքայինները Հոմսի հին քաղաքէն դուրս բերելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ գոյացած է համաձայնութիւն մը, որ կ՛արտօնէ, որ մանուկները, կիները եւ տարեցները հեռանան քաղաքէն, անմիջապէս, որ անհրաժեշտ միջոցառումները ապահովուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.