2014-02-07 09:44:15

UNESCO-ն մտահոգ է Սուրիոյ մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով։


UNESCO-ն մտահոգ է Սուրիոյ մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով: Կազմակերպութիւնը յատկապէս անհանգստացած է 2011-էն սկսեալ հնագիտական ապօրինի պեղումները, որոնք կ’իրականացուին հակամարտութեան հետեւանքով գրաւուած տարածքներուն մէջ եւ լրջագոյն վնաս կը հասցնեն այդ երկրի մշակութային ժառանգութեան: Ըստ Armenpress.am-ի` Associated press գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ UNESCO-ի գլխաւոր քարտուղարի օգնական Ֆրանչեսքօ Պանտարենան հաղորդած է, որ մասնաւորապէս անօրինական հնագիտական պեղումներ կ’ընթանան Մարի, Էպլա, Փալմիրա եւ Ապամեա հնագոյն քաղաքներուն մէջ: “Այս բոլոր քաղաքներուն ալ լրջագոյն վտանգ կը սպառնայ: Որոշ վայրերու մէջ անօրինական պեղումները հասած են անբացատրելի ծաւալներու, իսկ հնագոյն Ապամեա քաղաքը այսօր ամբողջութեամբ աւերուած է”,- յայտարարած է Պանտարենան:

Անոր խօսքերով` պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած զարդերն ու այլ հնագիտական արժէք հանդիսացող իրերը մաքսանենգ ճանապարհով դուրս կը բերուին Սուրիայէն եւ կը վաճառուին այլ երկիրներու մէջ կամ միջազգային շուկաներու վրայ: Այդ իսկ նպատակով UNESCO-ն յատուկ դասընթացներ կ’իրականացնէ Սուրիոյ հարեւան երկիրներու մաքսակէտերու եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներու համար, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ պայքարիլ մաքսանենգութեան դէմ:

Ֆրանչեսքօ Պանտարենայի ներկայացումով, այս աշխատանքը գրեթէ ապարդիւն է, քանի որ յանցագործները կը փորձեն երկրէն դուրս հանել գողցուած ապրանքներուն մեծ մասը: Այդ նպատակով, UNESCO-ն որոշած է Պէյրութի մէջ կազմակերպութեան գրասենեակ բանալ, որուն աշխատանքը պէտք է ուղղուած ըլլայ Սուրիոյ մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան: Այդ նպատակով Եւրոմիութիւնը կազմակերպութեան տրամադրած է 2,5 միլիոն եւրօ:

UNESCO-ի ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնած են նաեւ Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ կառոյցներու ոչնչացման առնչութեամբ:

Անոնք շեշտած են յատկապէս քրիստոնէական տաճարներու ոչնչացման հարցը` առանձնացնելով Հալէպ քաղաքի մէջ հայկական եկեղեցւոյ գոյութիւնը, որ կառուցուած է 15-րդ դարուն եւ գործող եկեղեցի է:

Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ UNESCO-ն կը բարձրացնէ Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցը: Նախորդ տարի կազմակերպութիւնը համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկեց սուրիական վեց յուշարձան, որոնք կը գտնուէին վտանգի տակ:

Այդ ցանկին մէջ յայտնուած են Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պոսրէյի հին քաղաքները, Փալմիրայի հնագիտական յուշարձանները, Գրագ տէ-Շեւալէ եւ Խալաթ-Սալահ-ատ Տին ամրոցները: Վերոնշեալ երկու ամրոցները կը հանդիսանան Մերձաւոր Արեւելքի ճարտարապետական մշակոյթի լաւագոյն կոթողները: Հալէպի Հին քաղաքի շրջանը UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ է քարէ կամարակապ ծառուղիներու եւ փորագրուած փայտէ պատերով տուներու շնորհիւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.