2014-02-07 09:44:52

42,259 Քմ. հողամաս կը վերադարձուի Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հաղորդած էինք նախապէս, թէ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ դատ բացած էր՝ ետ առնելու համար հիւանդանոցին պատկանող հանդիպակաց ընդարձակ դաշտը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ հոգաբարձութեան անդամները իրենց ամբողջ եռանդն ու աշխատանքը կեդրոնացուցած էին այս դատին վրայ։ Նշեալ ընդարձակ հողամասը հիւանդանոցին համար խիստ կարեւոր կը նկատուէր, սակայն անիկա գրաւուած էր քաղաքապետութեան կողմէ։
Այժմ հոգաբարձութիւնը կը հաղորդէ, թէ դատը շահած է եւ հիւանդանոցը վերատիրացած է 42,259 քառակուսի մեթր հողամասին։
Հիւանդանոցը հետեւեալ տեղեկատուութիւնը փոխանցած է այս կապակցութեամբ.
«Ետիգուլէի Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, երկարատեւ ջանքերու շնորհիւ, յաջողեցաւ վերատիրանալ եւ իր անուան արձանագրել տալ հիւանդանոցի հանդիպակաց հողամասին վրայ գտնուող 42,259 քառակուսի մեթր տարածութեամբ նախկին բանջարանոցի հողամասը։ Որոշումը վճռական բնոյթ ստացաւ Վագըֆներու (հաստատութիւններու) ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ, Հոկտեմբեր 7ին եւ 25ին կատարուած իրերայաջորդ ժողովներէ ետք։ Յունուար 22ին պաշտօնականացաւ այդ հողամասի կալուածաթուղթերուն՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի անուան արձանագրութիւնը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց իր մեծ գոհունակութիւնը եւ շեշտեց, թէ իրենք շատ գոհ են արդիւնքէն։ Շիրինօղլու ըսաւ. «Վերջապէս դրական արդիւնք տուաւ մեր պայքարը եւ իրականացան մեր երազները։ Թուրքիոյ հայ համայնքը վերատիրացաւ իր շատ կարեւոր մէկ կալուածին։ Ձեռք բերուած այս արդիւնքը մեր համայնքին եւ մեր հաւաքականութեան համար շատ կարեւոր է՝ աւելի ապահովութեամբ նայելու համար դէպի ապագայ։ Անհուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր այն անձերուն, որոնք ճիգ թափեցին այս գործընթացը յաջողութեամբ պսակելու։ Վարչապետին գլխաւորութեամբ, կառավարութեան եւ պետութեան բոլոր պատասխանատուները, քաղաքական միակամ մօտեցումով, մեծ դերակատարութիւն ունեցան հիւանդանոցապատկան այս հողամասը վերադարձնելու գործին մէջ։ Իրենց կը յայտնենք խորին երախտագիտութիւն»»։
Յայտնենք, թէ Զէյթինպուռնուի մէջ, հիւանդանոցի հանդիպակաց ընդարձակ բանջարանոցի հողամասին մօտաւորապէս 10 առ հարիւրը, 2012ի Յունիսին հիւանդանոցին վերադարձուած էր:
Այժմ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ այս հողամասը հիւանդանոցի եւ հայ համայնքի կարիքներուն ի նպաստ ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.