2014-02-06 10:06:16

ՍանդԷճիտիոյի Հասարակութիւնը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի մէջ կը տօնախմբէ իր հիմնդարութեան 46րդ տարեդարձը։


Հինգշաբթի 6 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6,30-ին Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի անուան լատերանեան պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ նախագահութեամբ վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` գերապայծառ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուի, նշելու համար ''Սանդ Էճիտիոյ'' անուամբ հասարակութեան հիմնադրութեան 46րդ ամեակը։
Արարողութեան կը մասնակցին եկեղեցական եւ պետական բարձրաստիճան իշխանութիւններ ինչպէս նաեւ Սանդէճիտիոյի հասարակութեան կղերական եւ աշխարհական անդամներ ու բարեկամներ։
Սանդէճիտիոյ հասարակութիւնը հիմնուած է 1968-ի փետրուարին։ Ունի 60 հազար անդամ։ Ան կը գործէ աշխարհի 74 երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.