2014-02-06 12:33:31

Ս. Աթոռը անակնկալի եկած է ՄԱԿԻ տեղեկագիրէն հայող մանկամոլութեան։ Տեղեկագիրը կ'անտեսէ Ս. Աթոռի 2000-էն ասդին որդեգրած կարգադրութիւնները ։


ՄԱԿի մանուկի իրաւունքի կոմիտէն, 5 փետրուար 2014-ին, ամբաստանող ծանր տեղեկագիր մը հրապարակած է Ս. Աթոռի տածած աշխատանքին մանկամոլութեան հարցով։ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազին` մնայուն դէտտը ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մօտ, իր հիասթափութիւնը յայտնած է ու մատնանշած որ այս տեղեկագիրը հաւանօրէն կանխաւ շարդարուած է ու նկատի չ'առներ այդ ուղղութեամբ Ս. Աթոռի բերած նպաստը։
Վատիկանի դիւանագէտը յայտնած է որ Ս. Աթոռը 2000էն ասդին շարք մը բարեփոխութիւններ յառաջ բերած է, մանուկներու պաշտպանութեան ի խնդիր, եւ իր առած կարգադրութիւնները դժուար է գտնել այլ հաստատութիւններու ու պետութիւններու մօտ։ ''Ասիկա ակնառու իրականութիւն մըն է որ կարելի չէ յեղաշրջել եւ ուռանալ'' հաստատած է գերապայծառ Թոմազի։








All the contents on this site are copyrighted ©.