2014-02-06 10:05:22

Պէյրութի մէջ. Պոնինօ քննարկեց Լիբանանեան բանակին օժանդակութեան նպատակով Հռոմի խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները


Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Էմմա Պոնինօ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պոնինոն եւ անոր ընկերակցող իտալական պատուիրակութիւնը, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան նպատակով Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները:
Պոնինօ շեշտեց, որ Իտալիա պիտի համադրէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք բոլոր նուիրատու երկիրներուն օժանդակութիւնները` շեշտելով, որ Իտալիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր կը ներկայացնէ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական աջակցութիւն:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ իտալական զօրամասին դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ այդ դերակատարութիւնը պիտի շարունակուի:
Նախագահ Սլէյման ողջունեց Պոնինոն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց բանակին կատարուելիք օժանդակութեան յատուկ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը` դրուատելով ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ջոկատին առաքելութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.