Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու
խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս
երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու սահմանադրական ժամկէտները յարգելու կարելիութիւնները: Մարոնի
եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց Ռայի պատրիարքը, որ շեշտեց,
թէ Լիբանան կը գտնուի նախագահական նոր նստաշրջանի մը սեմին, ինչպէս նաեւ կ՛ապրի մտահոգիչ
հանգրուան մը` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապին պատճառով կը
վտանգուի ապահովական կայունութիւնը: «Մարոնի եկեղեցին, հիմնուելով ազգային իր դերակատարութեան
վրայ, ձեռնածալ չի կրնար մնալ ի տես այս կացութեան, հետեւաբար ան հրապարակեց ազգային
այս փաստաթուղթը` ընդգծելու համար լիբանանեան սկզբունքները եւ ճշդելու համար Լիբանանի
առաջնահերթութիւնները», ըսաւ ան: Պքերքէի ազգային փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է Լիբանանի
ազգային համերաշխութիւնն ու ազգային գոյակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ռայի
պատրիարքը հաստատեց, որ պէտք է յարգել Լիբանանի իւրայատկութիւնները, որոնք կը նկատուին
լիբանանեան էութեան սիրտը: «Ազատութիւնը, հաւասարութիւնը, գործակցութիւնն ու բազմազանութեան
պահպանումը պետութեան կազմութեան սկզբունքներն են», շեշտեց Ռայի պատրիարքը: Ան կոչ
ուղղեց բոլորին մարմնաւորելու լիբանանեան Ազգային ուխտին իմաստութիւնը, որովհետեւ երկրին
վարչակարգը փաստած է, թէ Լիբանան կրնայ գոյատեւել միայն իր իսլամ եւ քրիստոնեայ թեւերով: Ռայի
պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է գործադրել «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, Լիբանանը
շրջանային տագնապներէն չէզոք պահել եւ ամբողջացնել Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը,
որուն շնորհիւ Լիբանան կրնայ ազատագրել իր բռնագրաւուած հողերը եւ պաշտպանել իր սահմանները: Ռայի
պատրիարքը ընդգծեց հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով,
որ լիբանանեան պետութեան գոյութեան նախապայմանն է նախագահի ընտրութիւնը, եւ առանց անոր
Լիբանանը ապագայ չունի: