2014-02-06 10:12:20

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը կոչ ուղղած է ողիմպիականի ընթացքին դադրեցնելու ռազմական բոլոր հակամարտութիւնները


ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի Մունը կոչ ուղղած է Սոչիի Ողիմպիական խաղերու իրականացման ընթացքին ամբողջ աշխարհին մէջ դադրեցնելու ռազմական հակամարտութիւնները: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ան յայտարարած է Սոչիի մէջ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի (ՄՈԿ) 126-րդ գլխաւոր ասամպլէայի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին:
Պան Գի Մունը ողբերգութիւն համարած է այն փաստը, որ աշխարհի մէջ դադրեցուած են ոչ բոլոր ռազմական հակամարտութիւնները: «Ատիկա լուրջ անհանգստութիւն կ’առաջացնէ: Ես բոլորին կոչ կ’ուղղեմ վար դնելու զէնքը թէկուզ Սոչիի Խաղերու ընթացքին»,- ըսած է ան` պատասխանելով ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ-ի այն հարցին, թէ ինչու աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ տակաւին արիւն կը հեղու:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է ՄՈԿ-ի նստաշրջանին, որուն զինք հրաւիրած էր կազմակերպութեան ղեկավար Թոմաս Պախը:







All the contents on this site are copyrighted ©.