2014-02-06 12:28:17

''Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկինքի արքայութիւնը'' (Մատթ 5,3)։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը` 2014-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, 13 ապրիլ 2014։


1984-ի ապրիլ 22ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, աշխարհի զանազան վայրերէն, 250 հազար երիտասարդներ, ընդառաջելով՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին, ժամանեցին Սուրբ Պետրոս, մասնակցելու համար 1983-ի Սուրբ Տարուայ փակման արարողութեան։ Այս առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անոնց յանձնեց ''խաչ''մը որ տարիներու ընթացքին դարցաւ ''Երիտասարդներու Համաշխարհային'' օրերը խորհրդանշող նշան։
12 ամիսներ ետք վերոյիշեալ հաւաքը միեւնոյն խանդավառութեամբ կրկնուեցաւ, 31 մարտ 1985-ին։ Ի տես այս իրողութեան ՅՊԲ քահանայապետը, աշխարհի երիտասարդներուն ուղղեց առաքելական թուղթ մը եւ նոյն տարուայ 20 դեկտեմբերին հսատատեց ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը'' որ ամէն տարի կը նշուի ''ծաղկազարդի'' օրը։ Թէեւ ասոր կից, ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը, վերոյիշեալ հանդիպումը կը ստանձնէ միջազգային հաւաքի հանգամանք եւ համայն աշխարհէն երիտասարդներ կը հանդիպին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ որոշուած մէկ քաղաքի մը մէջ, որպէսզի միասին խորհրդածեն ու զեկուցեն իրենց հաւատքի մասին եւ ունկնդրեն Քահանայապետի պատգամները։Վերջին միջազգային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքաին մէջ անցեալ 2013-ի յուլիսին։
28 տարիներէ ի վեր երիտասարդութեան համաշխարհային օրը կը ներկայանայ որպէս երիտասարդութեան համար հաւատքի զօրեղ փորձառութիւն որ երիտասարդները, իրենց ամբողջ խանդավառութեամբ եւ լաւատես ապագայի յոյսի զգացումներով, կը դասէ որպէս եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան գլխաւոր դերակատարներ։
2014-ի երիտասարդութեան համշխարհային օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է երիտասարդներուն որուն բնաբանը քաղուած է Մատթէոսի աւետարանէն, գլուխ 5, 3, ''Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկինքի արքայութիւնը'' ։
2014-ի պատգամը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի երիտասարդութեան համշխարհային օրուայ յղած առաջին պատգամը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ, Ռիօ Տէ Ժնաէյրօյի մէջ սկիզբ առած, երիտասարդներուն հետ ունեցած երկխօսութիւնը, անոնց մատուցելով յառաջիկայ տարիներու խորհրդածութեան նիւթերը, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 2016-ի յուլիսին, Քրաքովիայի մէջ նշուելիք ''երիտասարդներու համաշխարհային օրուան''։
''Յառաջիկայ երեք տարիներու նիւթերու ընտրութիւնը կը մատնանշեն թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛ուզէ Մատէթոսի ''երանելիութիւններու'' նուիրուած այս հատուածը ներկայացնել որպէս կեդրոնական նիւթ մը քրիստոնեաներու կեանքին''` յայտնած է Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդը, այս առթիւ հրատարակած իր հաղորդագրութեան մէջ։
Սրբազան Հայրը երիտասարդներուն կը յիշեցնէ թէ ''Յիսուս ցոյց տուաւ մեզի ճանապարհը'' երանելիութիւնները իւրացնելով իր կեանքին մէջ։ Երիտասարդի մը համար այս երանելիութիւնները ապրիլը իսկական մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ, հետեւելով Յիսուսին, հակահոսանք ընթանալով եւ վկայելով յեղափոխական նորութիւն մը։ Քահանայապետը կը խրախուսէ երիտասարդները մերժելու ''աժան գինով'' ձեռք բերուած երջանկութիւնը եւ գտնելու քաջութիւնը` ձգտելու իսկական ուրախութեան որ միայն Աստուած կարող է պարգեւել։
Իր պատգամին մէջ Քահնայապետը կը բացայայտէ ի՞նչ ըսել է ըլլալ ''հոգիով աղքատ'' ու կը մատնանշէ թէ ինչպէս ինքնին Յիսուս ընտրեց աղքատութեան հոգին, ու ապա երիտասարդները կը հրաւիրէ հետեւելու Յիսուսին եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի օրինակին։
''Քրիստոնեայ երիտասարդները կանչուած են ապաշխարութեան, աւետարանական զգաստ կեանքի, եւ աղաքատնրուն հանդէպ զօրակցութեան հոգի ունենալու'' կը գրէ Սրբազան Հայրը աւելցնելով թէ ''աղքատները կը ներկայացնեն Քրիստոսի տառապեալ մարմինը որ ամէնքս հրաւիրուած ենք խնամելու'' Ֆրանչիսկոս Պապը ապա կ՛ընգծէ թէ ''միւս կողմէն անոնք (աղքատները) մեզի համար կը դառնան կեանքի դաստիարակներ որովհետեւ շատ անգամ մարդկային ու հոգեւոր հարստութիւն մը ունին փոխանցելիք''։
Իր պատգամին աւարտին Սրբազան Հայրը կ՛անդրադառնայ Ռիոյի երիտասարդաց համաշխարհային օրուայ նիւթի եւ Երանելիութիւններու նիւթին միջեւ գոյացած սերտ կապին ու ապա կ՛ակնարկէ յառաջիկայ 2014-ի ապրիլ 22-ին նշուելիք Յոբելինական Խաչի յանձնումի 30րդ ամեակին, որով սկիզբ առած էր երիտասարդութեան համաշխարհային այս ուխտագնացութիւնը եւ զոր կը շարունակուի հինգ ցամաքամասերու մէջ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ պատգամը կ՛եզրափակէ յայնտելով թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումի արարողութենէն ետք, յառաջիկայ ապրիլ 27-ին, Ան պիտի դառնայ իր իսկ յղացած եւ հաստատած ''Երիտասրադութեան Համաշխարհային Օրուայ '' պաշտպան Սուրբը.








All the contents on this site are copyrighted ©.